50 Տարի Առաջ ( 17 Յուլիս 1962 )
Այվազովսկի Եւ Տիրան Չրաքեան
Աշխարհահռչակ հայ ծովանկարիչը` Յովհաննէս Այվոզովսկի մէկ շաբթուան համար Փարիզէն Պոլիս անցած էր իր կնոջ հետ, 1890 մայիսին: Այդ առթիւ Պոլսոյ հայութիւնը խանդավառ ընդունելութիւն ըրած էր իր հանճարեղ ազգակիցին, զոր Համիտ անգամ պատուած էր բարձր շքանշանով:
Հետաքրքրական է Արամ Նիկողոսեանի («Օրացոյց», Ս. Փ. Հիւ., 1917) գրածը, թէ Յովհաննէս Այվազովսկի Տիրան Չրաքեանին ըսած ըլլայ, թէ` «Օր մը կրնաս զիս գերազանցել»: Տիրան Չրաքեան (յետոյ ծանօթ` «Ինտրա» գրչանունով) 1890-ին տակաւին ուսանող էր Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, բայց շատ բարձր ձիրքերով եւ յատկապէս նաեւ նկարչական տաղանդով օժտուած էր. լսելով, որ Այվազովսկի Պոլիս է եկած, իր մէկ ծովանկարը կը տանի եւ Այվազովսկիին կը նուիրէ: Ժամանակակից հայ օրաթերթը այս դէպքը յիշատակած է, բայց Ա. Նիկողոսեանին ձեւով չէ: Գուցէ թէ հայ թերթը կարեւորութիւն չէ տուած Այվազովսկիին արտայայտութիւնը ճշգրտօրէն տալու: Կ՛արժէ կարդալ «Արեւելք»-ին հաղորդածը. սա կը տեղեկագրէ.
«Յովհաննէս Այվազովսկի իւր ազնիւ կնոջ հետ երէկ առաւօտ ժամը 2:30-ին (ըստ թրք.) մայր եկեղեցի գնաց, ուր ներկայ գտնուեցան պատարագին: Առաջուց իմացուած ըլլալով մեծանուն ծովանկարչին գալուստը` հազարաւոր ժողովրդեան բազմութիւն լեցուած էր տաճարին մէջ… Յաւարտ եկեղեցական արարողութեանց, մեծահռչակ արուեստագէտն իր կնոջ հետ պատրիարքարան ելաւ… Պատրիարքական փոխանորդ Ներսէս Ծ. վարդապետ եւ մայր եկեղեցւոյ թաղական խորհրդոյ անդամք դիմաւորելով մեծանուն ծովանկարիչը կնոջ հետ` պատրիարքարանի մեծ դահլիճն առաջնորդեցին, ուր քիչ ետքը գալով պատրիարք հայրը` պատուասիրեց զանոնք: Տեսակցութեան միջոցին Պէրպէրեան վարժարանի սաներէն Տիրան Չրաքեան ներկայանալով` իւր պատրաստած փոքրիկ մէկ ծովանկարը մատոյց մեծանուն վարպետին, որ յօժարեցաւ ընդունիլ զայն շնորհակալութեամբ եւ ինչ ինչ դիտողութիւններ ընելով` քաջալերական խօսքերով յորդորեց դեռահաս պատանին ի յարատեւ աշխատութիւն: Կէս ժամու սիրալիր տեսակցութենէ մը ետք Այվազովսկի ամոլը հրաժեշտ առաւ պատրիարքէն… Բակին ու փողոցին մէջ խռնեալ յոգնախուռն բազմութիւնը եռանդագին «կեցցէ»-ներով եւ ծափահարութեամբ ողջունեց զնա: Ծերունի արուեստագէտը կանգ առնելով` խոնարհութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեց եւ խօսքն ուղղելով զինք շրջապատող երիտասարդութեան` «Այդ ծափերն ու կեցցէները զիս կ՛ամաչեցնեն,- ըսաւ, յուզեալ շեշտերով: – Աշխատութեամբ եղեր եմ` ինչ որ եմ, զոր կը ծափահարէք: Դուք ալ աշխատեցէք` եւ ես էլ ձեզ ծափահարեմ» (Արեւելք, Կ. Պ. 1890 թ. 6897: Մայիս 26):
Հ. Ե. ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Տոմսեր
Հայկական Քիւֆթա
«Աննախընթաց վերելք»-ներու մեր հայրենիքին մէջ լուրերն ալ կը ճամբորդեն նոյնքան աննախընթաց արագութեամբ:
Անցեալ տարի, 1961-ի մայիս 8-ին, երբ խորհրդային վարչապետը` Ն. Խրուշչեւ Երեւան կը գտնուէր, իր ծանօթ ժողովրդասիրութեամբ այցելեր է նաեւ համեստ կնոջ մը` «տնային տնտեսուհի» Մարօ Մարգարեանին բնակարանը, երկու ժամ մնալով հոն:
«Սովետական Հայաստան» օրաթերթը իր 31 դեկտեմբեր 1961-ի թիւով արձագանգ կը դառնայ այդ պատմական այցելութեան, որուն ընթացքին նշանաւորն Խրուշչեւ կերեր է նաեւ հայկական քիւֆթա…
Խրուշչեւ, հայկական քիւֆթան ուտելու միջոցին, զանազան հարցումներ ուղղեր է տանտիրուհիին եւ ստացեր` հետեւեալ հարազատ պատասխանները.
– Սա ի՜նչ լաւ պնակներ ունես, ընկերուհի Մարգարեան:
– Հա, լաւն ա, Ամերիկայի Ուաթըրթուան քաղաքից մի բարեկամ է ուղարկել…
– Սեղանի ծածկոցն էլ հիանալի է:
– Սա՛ էլ Տիթրոյիթից ենք ստացել, տարագիրներից մէկն ա ուղարկել:
– Բաւականին սիրուն գլխաշոր ունես` ընկերուհի Մարգարեան:
– Ոչինչ, վատ չի, Ամերիկայից մի ուխտաւոր էր եկել Էջմիածին, ծախում էր հէնց տաճարի մօտերքը. թանկ էր ծախում, բայց մի կերպ ճարեցի: Ուխտաւոր էր. էլի… Ճամբէքը թանկ ա, ի՛նչ արած…
– Էս ընտանիքում հայկական բան իսկի չկա՞յ,- կը բղաւէ յանկարծ Խրուշչեւ…
– Կա՛յ, բալաս, կայ, հոգ մի՛ անի,- կը պատասխանէ ընկերուհի Մարօ եւ կը բերէ շիշ մը հայկական ընտիր գինի` վրան Արարատի պատկերով:
Սակայն շիշը չեն կրնար բանալ, որովհետեւ խցանը հանելու գործիքը չունէին:
Դրացիներու մօտ փնտռտուքի կ՛ելլեն եւ վերջապէս կը գտնեն հատ մը, թաղին մէջ:
– Արի՛, ընկեր ջան,- կ՛ըսէ միամիտ Մարօ, էս գործիքն էլ, վաղուց ա, Փետրուարեան ապստամբութեան օրերից Է մնացել, ընկերը ասաց, որ շուտով յետ տանք, չկորչի…
Ընկ. Խրուշչեւ, առանց շիշը բանալու կը բանայ… տան դուռը, եւ «կը գործուղուի» դէպի օդակայան:
ԳԻՍԱՒՈՐ

