Գ. Հարպոյեան Վարժարանը Քաղեց Իր 2012-ի Հունձքը
Չորեքշաբթի, 4 յուլիս 2012, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, երկրորդական դասարանի վկայականաց բաշխման հանդիսութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Գ. Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանը քաղեց 2012 տարուան իր հունձքը, որ կը զուգադիպէր վարժարանին հիմնադրութեան 25-ամեակին: Հանդէսին նախագահութիւնը ստանձնած էր Լիբանանի կրթական նախարարութեան ոչ պետական վարժարաններու բաժնի տնօրէն Իմատ Աշքար:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութեամբ, որոնց յաջորդեց 17 շրջանաւարտներու մուտքը` մանկապարտէզի շրջանաւարտներուն ձեռքէն բռնած. ապա բոցավառ ջահը անոնց յանձնուեցաւ: Վարժարանին վահանը յանձնուեցաւ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն, որպէսզի անոնք շարունակեն այս վարժարանին գոյերթը ապահովել եւ տարուէ տարի մեր մտաւոր զարգացման պաշտպան հանդիսացող վահանը իրենց կարգին փոխանցել յաջորդ սերունդներուն:
Հայերէնով ուղերձ արտասանեց 12-րդ դասարանէն Հերա Գրիգորեան, որ վերյիշեց մանկութեան օրերուն դէպի դպրոց ուղղած իր առաջին քայլերը, ուր դասընկեր-դասընկերուհիներով կիսեց կեանքի խինդն ու տխրութիւնը: Ապա անոնք իրենց թանկագին մայրերուն համար երգեցին «Իմ անուշ մայրիկ» երգը ու անոնց նուիրեցին մէկական վարդեր:
Արաբերէնով ուղերձ արտասանեց Փաթիլ Յակոբեան, որ ըսաւ, թէ` «ժամը հասած է աւարտին, երբ հրաժեշտ կու տանք այն վարժարանին, ուր սորվեցանք կեանքի հիմնական դասերը: Այսօր գիրքերն ու տետրակները կը գոցուին եւ կ’անցնինք մեր կեանքի երկրորդ հանգրուանին»: Յակոբեան իր եւ դասընկերներուն անունով խօսք տուաւ դպրոցին` յաջողութեամբ ընթանալ կեանքի ճամբաներով:
Մեծանուն բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը երգով, ասմունքով եւ պարով շատ տպաւորիչ կերպով ներկայացուցին Փաթիլ Յակոբեան, Լիւսի Մազմանեան եւ Փաթիլ Գանտահարեան եռեակը: Անոր յաջորդեց անգլերէն ուղերձը` Սարին Սիմոնեանի կողմէ, որ ըսաւ, թէ դպրոցին մէջ իր ունեցած փորձառութիւնը անմոռանալի է, ու` «թէեւ շատեր կրնան այլ ճամբաներով մեկնիլ, մինչ ուրիշներ կրնան բարեկամներ մնալ, բայց վստահօրէն բոլորս ալ երբ դէպի ետ նայինք, ժպիտով պիտի յիշենք մեր սիրելի դպրոցը»:
Վարժարանին պարախումբին կատարողութեամբ «Զանգեզուր» պարին յաջորդեց Յարութ Էքմեքճեանի ֆրանսերէն ուղերձը, որուն մէջ ան երախտապարտութիւն յայտնեց ուսուցիչներուն զոհողութեան համար, ինչպէս նաեւ` ծնողներուն, որոնք ոչինչ խնայեցին` իրենց լաւագոյն ուսում ապահովելու համար: Այնուհետեւ շրջանաւարտուհիները խմբուելով ու հայկական հպարտ քայլերով պարեցին «Սասնայ պար»-ը, որմէ ետք տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկաները դիտեցին 2011-2012 կրթական տարեշրջանի ընթացքին շրջանաւարտներուն անցուցած օրերը, անոնց բաժանումը եւ վերջին զանգին հետ իրենց ուրախութեան եւ տխրութեան վայրկեանները:
Ապա բեմ բարձրացաւ եւ իր խօսքը փոխանցեց վարժարանիս տնօրէն Ռիթա Պոյաճեան, որ ըսաւ. «Այս տարուան հունձքը յոբելինական պատուաբեր հունձքն է` վարժարանի 25-ամեակին զուգադիպող: Շրջանաւարտները հպարտ պէտք է զգան այս առիթով, նաեւ` որովհետեւ այս տարին յատուկ է` սեպտեմբերին կայանալիք Պենետիկտոս 16-րդ սրբազան պապին այցելութեամբ: Մեր աշակերտները ապրեցան այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որ կ’ապահովուի միայն հայ կաթողիկէ վարժարանին մէջ, վերջինիս ունեցած իւրայատուկ կենցաղով: Եւ այս առիթով հպարտօրէն կը յայտարարենք, որ յառաջիկայ տարեշրջանին մեր վարժարանը պիտի ունենայ աւարտական դասարանի երրորդ` ընդհանուր գիտութեան բաժանմունքը»: Ռ. Պոյաճեան իր խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ըսաւ. «Դուք պտուղներն էք Գ. Հարպոյեան վարժարան ծառին, որ սնած է հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան հովանիին տակ, հոգեւոր թէ աշխարհական լոյսի մշակներուն հոգատարութեամբ»: Ապա ան իր արաբերէն խօսքը ուղղելով օրուան նախագահ Ի. Աշքարին` ըսաւ, թէ պատիւ է ընդունելու անոր նման անձնաւորութիւն մը, եւ մաղթեց, որ «միասնաբար կարենան շարունակել լիբանանեան ուսման մակարդակը բարձր պահել` հակառակ տնտեսական շատ դժուար պայմաններուն»:
Իմատ Աշքար իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ուսուցիչներուն անձնուրաց աշխատանքին` աշակերտները կեանքի գալիք հանգրուաններուն պատրաստելու գծով: Ան նաեւ հայ եւ արաբ ժողովուրդներու ճակատագիրներուն մէջ նմանութիւն գտնելով` դրուատեց հայ ժողովուրդին դրական դերը լիբանանեան իրականութեան մէջ: Իսկ աշակերտներուն խրատելով` ըսաւ, որ անոնք իրենց սորված արժէքներն ու սկզբունքները չմոռնալով` պէտք է աշխատին աւելի լաւ միջավայր մը կերտելու, որովհետեւ Լիբանանը պէտք ունի կորովալից ու ուժականութեամբ լեցուն երիտասարդներու:
Այս խօսքին յաջորդեց հայրերուն նուիրուած «Հայր իմ մանկուց» եւ «Բարի հայրիկ» երգերու խմբային կատարումը, որմէ ետք անոնք մէկական վարդեր նուիրեցին իրենց հայրերուն:
Միջնակարգ եւ երկրորդական դասարաններու լաւագոյն երկու միջիններ ապահոված աշակերտները ստացան մրցանակներ` տրամադրուած «Յարութիւն եւ Արաքսի Պոյաճեան» ֆոնտին կողմէ: Նուէրներու արժանացան նաեւ հայերէնի մէջ բարձր միջին ապահովողները: Այնուհետեւ, կատարուեցաւ վկայականաց բաշխումը:
Փակման խօսքով Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան ըսաւ, թէ` «մեր երիտասարդները յաջողութեան պիտի հասնին` շնորհիւ իրենց հաւատքին եւ Աստուծոյ վրայ ունեցած վստահութեան: Եւ այսօր, երբ անոնք մեծ երազներով անկիւնադարձային նոր էջ մը պիտի բանան իրենց կեանքին մէջ` թիավարելու դէպի ծովերուն բացերը եւ նուաճելու բարձր գագաթները, անոնք միշտ մեծ սիրով պիտի վերյիշեն իրենց դպրոցական անմոռանալի օրերը»: Ան իր խօսքը աւարտեց` յորդորելով «հպարտանալու լուսաւորչեան հաւատքով եւ հայրենասիրական արժէքներով թրծուելով: Ասոնցմով մղուած է, որ մեր բարերարները հիմնեցին դպրոցներ ու եկեղեցիներ, եւ տայ Աստուած, որ անոնց նմանները շատնան ու կառուցեն նորանոր դպրոցներ ու եկեղեցիներ, ուր մարդ արարածը իր լրումին կը հասնի»:

