«Աշխարհ» Երկշաբաթօրեայի Դադրելուն Առիթով. Հայկական Մամուլը` Անտարբերութեան Եւ Անհրաժեշտութեան Միջեւ
Ժ. Չ.
«Նոր Յառաջ»
Աւետիս Ալեքսանեանի` 1950-ին հիմնադրած «Աշխարհ» թերթն ալ կանգ առաւ: 2012 յունիս 16-ին լոյս տեսաւ վերջին թիւը, 53 տարուան գոյութենէ ետք: Անցեալ տարի վարչութիւնը ահազանգ հնչեցուցած էր. եղան կարգ մը նուիրատուութիւններ, գեղարուեստական զօրակցական երեկոյթ ալ կազմակերպուեցաւ: Տարի մը եւս կրցաւ գոյատեւել®
Ամէն թերթ աշխարհը դիտելու, զայն ընկալելու իւրայատուկ միջոց է: Ունի իր ընթերցողը, որ տարիներու ընթացքին կը կազմաւորուի: Ամէն թերթ խմբագրական յատուկ կորիզ մըն է: «Աշխարհ» ունէր նուիրեալ բարձրորակ խմբագրական կազմ: Ֆրանսահայ լրատուութեան դաշտին մէջ ամէն մէկ թերթի դադրեցում մեծ կորուստ է հայութեան համար` աշխարհը հայերէնով կարդալու, մտածելու: Մասնաւորապէս սփիւռքահայութեան պարագային, դադրեցումը կը ստանայ յատուկ նշանակութիւն, արեւմտահայերէնի համար` կորուստ, հայկական գիտակցութեան կորուստ:
Ֆրանսահայութիւնը Եւրոպայի սրտին գոյացած մեծագոյն հայ գաղութն է` բազմադէմ, բազմապահանջ: Ֆրանսայի մտաւոր` մշակութային եւ քաղաքական հարուստ միջավայրը իր ազդեցութիւնը ունի համայն աշխարհի պետութիւններուն վրայ: Թէեւ ֆրանսահայութիւնը չէ յաջողած ֆրանսական հարուստ միջավայրին համապատասխան ազդեցիկ կառոյցներ ստեղծել, այդուհանդերձ, ֆրանսահայութեան ներկայութիւնը կարեւոր ազդակ է քաղաքական եւ տնտեսական մարզէն ներս եւ Հայ դատի հետապնդման առումով` գոնէ Եւրոպական Միութեան տարածքին:
«Աշխարհ» կը մասնակցէր ֆրանսահայ լրագրութեան բազմադիմութեան, ունէր իր ընթերցողը, իր համակիրները, որոնք իրենց թերթին միջոցով կը հետեւէին հայկական առօրեային, կը զօրակցէին Հայաստանին, կը հետապնդէին Հայ դատը:
Թերթ մը կամքի, հաւատքի ու տեսիլքի մը արտայայտութիւնն է: «Աշխարհ» աւելի քան կէս դար հետապնդած է իր տեսլականը: Եղած է միշտ Հայաստանի Հանրապետութեան զօրակցող ուժ` ի՛նչ ալ ըլլայ անոր գունաւորումը: Անցեալին այդ զօրակցութիւնը բարոյական եւ նիւթական գետնի վրայ կը վարձատրուէր: Հայաստանի անկախութենէն ի վեր` հաշիւները, սկզբունքները, բարեկամութեան, զօրակցութեան արժէքները փոխուած են: Ամէն տեսակ զօրակցութիւն կը սպասուի անհատոյց եւ անպատասխանատու կերպով` առանց փոխարինումի:
Աշխարհը դիմափոխուած է, Հայաստանն ու ֆրանսահայութիւնն ալ` նոյնպէս: Ժամանակները նոր պահանջներ ու գործելակերպեր կը պարտադրեն, որոնք ներդրում կը պահանջեն` քայլ պահելու համար ժամանակակից լրագրական գերարդիական պահանջներուն` համացանցի, հեռաձայնի, անվճար թերթերու, գերյագեցած լրատուական մթնոլորտին: Իսկ Ֆրանսայի մէջ` հայկական լրատու միջոցները, բացի մէկ-երկու բացառութիւններէ, դեռ կը բանին զուտ տպագիրի տիրութեան ներքոյ: Տպագիրին զուգընթաց, նոր ծառայութիւններու մատուցումը ներդրում կը պահանջէ: Իսկ ներդրող չկայ ու չկայ: Ընթերցողներու թիւը անբաւարար է` լրացնելու այդ պահանջը:
Կարելի է ըսել, որ մամուլի հաստատութիւններուն տնօրէնները անկարող են, ճարազուրկ են թերթ մը տնօրինելու, ներդրողներ, գործարար մարդիկ գտնելու, տեսլականի պակասէ կը տառապին: Սակայն դիմացը, պէտք է ըսել, որ հետաքրքրուող ալ չկայ. ո՛չ համագաղութային կառոյցները, ո՛չ միջազգային կազմակերպութիւնները, ո՛չ ալ Հայաստանի կառավարութիւնը կը նպաստեն սփիւռքահայ մամուլին:
Որքան կը մեծնան հայութեան լրատուական պահանջները, յատկապէս ներկայի նման սուր պահուն` ժխտողականութեան պատժելիութիւն, Հայաստանի տնտեսութեան զարգացում, Արցախ, Ջաւախք® թրքացած, իսլամացած հայեր, արտագաղթ® այնքան կը նուազին մամուլին անունները, այնքան կը նուազին հայերէնով արտայայտուող թերթերուն ու հանդէսներուն մէջ հայերէնով տպագրուող էջերը:
Մտահոգիչ է անտարբերութիւնը` հանդէպ լրատու միջոցներու, որոնք հաստատութիւններ են` համայնք կազմաւորող, հայութիւնը հայկական հարցերուն իրազեկ դարձնող, տեղեկագիտական հսկայական դաշտ վարող, հայոց լեզուի ամէնօրեայ գործածութեան միջոց հանդիսացող, նոյնքան կարեւոր` որքան պետական հաստատութիւն մը: Ինքնուրոյն դպրոցներ են: Ռազմավարական կենսական կարեւորութիւն ունին:
Տասնեակ տարիներ առաջ «Կամք» օրաթերթը դադրեցաւ լոյս տեսնելէ: Երեք տարի առաջ Արփիկ Միսաքեան դադրեցուց «Յառաջ»-ը: Իրավիճակը այնքան ալ փայլուն չէ նոյնիսկ ֆրանսագիր հայ մամուլին: «Ֆրանս Արմենի»-ն վերջերս փոխեց իր ձեւաչափը, ինչպէս նաեւ` հրատարակչական կառոյցը, որպէսզի գոյատեւելու նոր միջոցներ ու պայմաններ ունենայ: Վերացան հայերէն էջերը` թերեւս առժամաբար, յուսանք: «Լէ նուվել տ՛Արմենի»-ն եւ «Արմնիուզ»-ը թէեւ հայերէն էջեր չունին, սակայն նուիրատուութեան կոչեր կ՛ուղղեն հանրութեան:
Հայաստանի անկախութենէն առաջ հայկական մամուլին վիճակը շատ աւելի բարւոք էր երեք պատճառով: Համացանցային յեղափոխութիւնը դեռ չէր սկսած: Ընթերցողներուն թիւը աւելի մեծ էր: Եւ կային գանձատրման կարեւոր աղբիւրներ` Խորհրդային Միութիւնը` հայաստանամէտ թերթերուն, իսկ Արեւմուտքը` սփիւռքի կարգ մը թերթերուն, որոնք կը պայքարէին համայնավար համակարգին դէմ: Այսօր սփիւռքահայ մամուլը կտրուած է այս երկու աղբիւրներէն: Լքուած են իրենց ճակատագրին: Կուսակցական թերթերը կը տոկան ձեւով մը: Իսկ անկախները կը դիմադրեն` շնորհիւ կարգ մը մեկենասներու օգնութեան, մինչեւ հոն, ուր դիմանան:
Թէեւ նորեկ եւ անկախ մամուլ «Նոր Յառաջ»-ը կը պատկանի այս վերջին խումբին` վայելելով բարոյական նեցուկը հայատառ լրագրութեան գոյութեան նախանձախնդիր մտաւորական դասուն: Հայերէնին կառչած ընթերցասէրներու եւ հայկական երկու կազմակերպութիւններու նիւթական օժանդակութեան: Արդիականութեան գիրկը ցատկելու հրամայականին առջեւ կը գտնուի: «Աշխարհ»-ի փակումով «Նոր Յառաջ» ակամայ դարձաւ Ֆրանսայի համագաղութային միակ հայատառ թերթը:

