Իսրայէլի Մէջ Ինքզինք Հրկիզած Գործարարի Զօրակցութեան Ցոյց
Կիրակի գիշեր Իսրայէլի տարբեր քաղաքներուն մէջ տեղի ունեցած են բողոքի զանգուածային ցոյցեր, որոնց մասնակիցները զօրակցութիւն յայտնած են ընկերային վատ վիճակին պատճառով ինքզինք հրկիզած գործարար Մոշէ Սիլմանին:
Կիրակի օր Թել Աւիւի մէջ հակակառավարական ցոյցի մը ընթացքին 58-ամեայ Սիլման իր վրայ վառելանիւթ թափած էր եւ ինքզինք հրկիզած:
Անձնասպանութեան փորձէն առաջ ան նետած է թերթիկներ, որոնց մէջ Իսրայէլի կառավարութիւնը մեղադրած է իրմէ ամէն ինչ խլելու եւ իրեն ոչինչ ձգելու յանցանքով:
«Ես կը մեղադրեմ Իսրայէլի վարչապետը եւ ելեւմուտքի նախարարը իսրայէլացիները մնայուն կերպով վարկաբեկելու համար, ինչ որ Իսրայէլի քաղաքացիները ստիպուած են հանդուրժել: Կառավարութիւնը աղքատներէն կ՛առնէ եւ հարուստներուն կու տայ», յայտարարած է ան:
Սիլման լուրջ այրուածքներ ստացած է եւ ծանր վիճակի մէջ հիւանդանոց փոխադրուած: Կիրակի օր ընկերային ցանցերու վրայ տեղեկութիւն տարածուած է, թէ ան մահացած է, ինչին ալ յաջորդած են բողոքի ցոյցերը:
Ցոյցերուն մասնակիցները հաւաքուած են «Մենք բոլորս Մոշէ Սիլման ենք» կարգախօսով եւ բարձրացուցած պաստառներ, որոնց վրայ գրուած եղած է «Պիպի (Պենիամին Նեթանիահու), դուն մեզ ալ պիտի այրես»:


