Սէուտական Արաբիա Եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Հորմուզի Նեղուցը Շրջանցող Խողովակաշարեր Գործարկած Են

Բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները գործարկած են նոր խողովակաշար մը, որ կարելիութիւն կու տայ քարիւղի առաքումը կատարել շրջանցելով Հորմուզի նեղուցը:

Առաջին` 370 քիլոմեթր երկարութեամբ խողովակը Ապու-Տապիի քարիւղի ենթակառոյցները կը կապէ երկրի արեւելեան Ֆուճէյրա նաւահանգիստին հետ, որ կը գտնուի Օմանի ծոցի ափին: Անիկա կրնայ բաւարարել երկրի քարիւղի արտածումին շուրջ 65 առ հարիւրը` ունենալով օրական 1.5 միլիոն տակառ ծաւալ:

Փորձագէտները կը պնդեն, որ Հորմուզի նեղուցը շրջանցող ենթակառոյցներուն գործարկումը կարելիութիւն պիտի տայ նուազեցնել նեղուցին ճամբով իրականացուող արտածումներէն կախեալութիւնը:

Սէուտական Արաբիա իր կարգին արդիականացուցած է երկրի արեւելեան մարզն ու Կարմիր ծովու ափին գտնուող Եանպու վերջակայանը իրարու կապող խողովակաշարը, որ ունի օրական մինչեւ երկու միլիոն տակառ արտածելու կարելիութիւն:

«Մենք կ՛ուզենք պատրաստ ըլլալ: Խողովակաշարը մեզի ճկունութիւն կու տայ», յայտնած են սէուտական թագաւորութեան քարիւղի նախարարութենէն աղբիւրներ:

Նշենք, որ Սէուտական Արաբիա նաեւ ունի քանի մը այլ խողովակաշար, որոնք կ՛արտօնեն քարիւղ առաքել Հորմուզի նեղուցը շրջանցելով:

Յիշեցնենք, որ Իրանի խորհրդարանի Ազգային անվտանգութեան եւ միջազգային քաղաքականութեան յանձնախումբը մշակած է Հորմուզի նեղուցի փակման մասին օրինագիծ մը, որուն միջոցով կը պատրաստուի պատասխանել Արեւմուտքի հետզհետէ խստացող պատժամիջոցներուն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES