ԵՒՐՕ-2013-Ի ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԱՂՋԿԱՆՑ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ԶՏՈՒՄԻ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՏԱՍԸ ՄԱՐԶԻԿՈՎ ՅԱՂԹԵՑ ՖԱՐՕ ԿՂԶԻՆԵՐՈՒՆ (1-0)

 Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց հաւաքականը յաղթանակով սկսաւ Եւրօ-2013-ի ախոյեանութիւնը, երբ իր կատարած զտումի առաջին մրցումին 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ֆարօ Կղզիները: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Գայիանէ Կոստանեան (8-րդ):

Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, թէեւ Էլէոնարա Դաւթեան կարմիր քարտ մը ստացաւ, սակայն հայրենի կազմը մինչեւ մրցումին աւարտը յաջողեցաւ արդիւնքը ի նպաստ իրեն պահել անփոփոխ:

Տեղի ունեցած (այս խմբակին գծով) միւս մրցումին, այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող Մալթա 1-0 արդիւնքով յաղթեց Վրաստանի: Վերջինս այսօր պիտի մրցի Հայաստանի դէմ:

Share this Article
CATEGORIES
TAGS