Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՆԱՀՐ Պարետի գաղթակայանի միջադէպերուն հարցով ամբաստանուած 4 պաղեստինցի ձերբակալեալներ երէկ ազատ արձակուեցան: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը վճարեց 500 հազար լ. ոսկիի գումար մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ վարժարաններու երկրորդական կարգերու ուսուցիչներու լիկայի նախագահ Հաննա Ղարիպ երէկ յայտնեց, որ այսօրուան գործադուլը պիտի գործադրուի` շեշտելով, որ իրենք վարժ են այս միջոցին դիմելու, որովհետեւ առանց նման միջոցի երբեք կարելի պիտի չըլլայ իրենց պահանջներուն տիրանալ:
ԻՆՆՍՈՒՆ իսրայէլացի զինուորներ երէկ խախտած են սահմանային Կապոյտ գիծը եւ մուտք գործելով Լիբանան առեւանգած են այծի հօտ մը, որուն մաս կը կազմեն 900 այծեր:
ՍՈՒՐԻՈՅ մէջ կառավարական ուժերու եւ ընդդիմադիր զինեալներու միջեւ տեղի ունեցած բախումներուն պատճառով երէկ Քաայի Տուրա գիւղաքաղաքին մէջ ինկած են հրթիռներ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ապահովական իրավիճակը:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ այնքան ատեն որ Լիբանանի մէջ ապօրինի զէնք գոյութիւն ունի, ապա լիբանանցիներուն միջեւ խաղաղութիւն պիտի չտիրէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ Քուրայի ընտրութիւնները Լիբանանի եւ ժողովրդավարութեան համար յաղթանակ կը նկատուին:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ կարգ մը քաղաքական անձնաւորութիւններ երկրին տնտեսութեան համար աննպաստ յայտարարութիւններ կը կատարեն:
ՄՈՒՐԱՊԻԹՈՒՆ շարժումի ղեկավար խորհուրդը յայտարարեց, որ Դիմադրութիւնը Իսրայէլի ոճրային մտայնութիւնը հաւասարակշռող ուժն է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի շնորհաւորեց Քուրայի նորընտիր երեսփոխան Ֆատի Քարամի յաղթանակը` աւելցնելով, որ լիբանանցի քաղաքացին տակաւին կը զօրակցի Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն որդեգրած ուղեգիծին:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Քուրայի ընտրութիւնները ընթացան ժողովրդավարական մթնոլորտի մէջ` նկատել տալով միաժամանակ, որ այդ ընտրութիւնները վերջ գտած են, եւ իւրաքանչիւրը պէտք է ուղղուի իր աշխատանքին:
ԸՍՏ «Հայաթ» օրաթերթին, նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա մօտիկ ապագային հանդիպում մը պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի հետ` քննարկելու համար հեռաձայնային հաղորդակցութեանց յատուկ տեղեկութիւնները ապահովական կառոյցներուն տրամադրութեան տակ չդնելու քայլին վտանգները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ փոխնախագահ Ֆարիտ Մքարի յայտնեց, որ Քուրայի ընտրութիւններուն արդիւնքը անակնկալ չէր` նկատի ունենալով լիբանանցի ընտրողին վրայ բանեցուած ճնշումները:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, լուսարձակներէ հեռու հաղորդակցութիւններ կը կատարուին Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ սառցահալը իրականացնելու նպատակով:
«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Սայտայի մօտիկ աղբիւրներէն, գրած է, թէ երեսփոխան Պահիա Հարիրի նշած է, որ շէյխ Ահմետ Ասիրի հարցը լուծել փափաքողը պէտք է իրեն դիմէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէիի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայաթի յետաձգած է Լիբանան կատարելիք իր այցելութիւնը:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հիշամ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Լիբանանը քանդելու նպատակով Պէյրութ փոխանցուող գումարները ամերիկեան որոշումով կը փոխանցուին:

