Շարպել Պաշտօնապէս Կը Յայտարարէ Ֆատի Քարամի Յաղթանակը

Շարպել կը ներկայացնէ տուեալները

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ առաւօտեան ժամը 10:30-ին, նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պաշտօնապէս յայտարարեց Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն արդիւնքները:

Շարպել յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան թեկնածու Ֆատի Քարամ 12,412 քուէով յաղթանակ արձանագրած է, մինչ անոր մրցակիցը` Ղովմի կուսակցութեան թեկնածու Ուալիտ Ազար կրցած է ապահովել միայն 11, 141 քուէ:

Շարպել դրուատեց Քուրայի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ գնահատեց ապահովական ոչ մէկ միջադէպի արձանագրութիւնն ու հակառակորդ կողմերուն միջեւ յարգալիր վերաբերումը:

Անդրադառնալով ապահովական ամսուան մասին հարցումի մը` Շարպել յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարութեան եւ ներքին ապահովութեան ուժերու թիւին ու կարողութեան սահմաններուն մէջ է, որ կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել երկրին ապահովութիւնը:

Միւս կողմէ, նորընտիր երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Քուրայի մէջ յաղթանակ արձանագրած է քաղաքակրթութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը:

Ուալիտ Ազար իր կարգին Քուրայի ընտրութիւնները նկատեց դրական` շեշտելով, որ իրենց ի շահ սիւննի համայնքին քուէները յստակ յաւելում արձանագրած են:

Share this Article
CATEGORIES