Նախարար Սապունճեան Պարգեւատրուեցաւ «Ժեմայէլ Եղբարք»-ի Կողմէ
Առ ի գնահատանք ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեանի ազգային կեցուածքներուն եւ երկրին տնտեսութեան ամրապնդման առումով անոր ի գործ դրած ջանքերուն, «Ժեմայէլ եղբարք» հաստատութիւնը պարգեւատրեց նախարար Սապունճեանը:
Էշրեֆիէի «Լը Մայոն» պանդոկին մէջ կատարուած ձեռնարկին ընթացքին, «Ժեմայէլ եղբարք» հաստատութեան սեփականատէր Ֆատի Ժեմայէլ անդրադարձաւ Վ. Սապունճեանի նուաճումներուն եւ երկրին ճարտարարուեստը բարելաւելու նպատակով անոր ի գործ դրած ջանքերուն:
Իր կարգին, նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան արդէն իսկ մէկ տարի անցած է եւ բնական է, որ անոր դէմ քննադատութիւններ ուղղուին` նկատի ունենալով երկրին մէջ տիրող ժողովրդավար եւ ազատ վարչակարգը:
«Սակայն արտօնելի չէ, որ կարգ մը լիբանանցիներ, որոնք կառավարութեան դերակատարութիւնը կ՛ուզեն թիրախ դարձնել, դիմեն այնպիսի միջոցներու, որոնք կը վնասեն Լիբանանի պատկերին եւ անոր արժանապատուութեան», ըսաւ ան:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ տարակարծիք ըլլալն ու մրցիլը շինիչ են, այնքան ատեն որ անոնք կը կատարուին պարկեշտութեան սահմաններուն մէջ` պահպանելով ազգային արժէքները եւ ոչ թէ համայնքային, յարանուանական եւ տեղայնական խտրականութեամբ առաջնորդուելով:
Նախարար Սապունճեան շեշտեց, որ իրենք կը քաջալերեն «Լիբանանը կը սիրե՞ս, անոր ճարտարարուեստը սիրէ՛» եւ «Լիբանանեան արտադրութիւն է» կարգախօսերը եւ կը հպարտանան անոնցմով, որովհետեւ կը փափաքին Լիբանանը տեսնել իբրեւ արդիւնաբերութեան երկիր:


