Պըրրի – Հարիրի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Պըրրի` վարչական եւ արդարութեան հարցերու յանձնախումբի պատուիրակութեան հետ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Պըրրի եւ Հարիրի զիրար շնորհաւորեցին` ռամատանի ամսուան սկզբնաւորութեան առիթով, ինչպէս նաեւ քննարկեցին լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցերն ու արձանագրուող վերջին զարգացումները:

Միւս կողմէ, Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց վարչական եւ արդարութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի անդամները` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան յանձնախումբին կողմէ մշակուած վարձքերու վերաբերող օրինագիծին մանրամասնութիւնները:

Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որ Պըրրիի հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Ազգային երկխօսութիւն կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES