Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Առջեւ Նստացոյց` Սարակներուն Նստացոյցին Դէմ

Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Քոռնիշ Նահըրի վրայ գտնուող Ելեկտրականութեան ընկերութեան առջեւ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին «Պէյրութի զաւակներ» կոչուող խումբ մը երիտասարդներ ուղղուեցան այդ շրջանը` բողոքելու համար Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն կողմէ գործադրուող ցոյցին դէմ: Անոնք ընդգծեցին, որ սարակները կ՛արգելակեն Ելեկտրականութեան ընկերութեան առաքելութիւնը:

Նշենք սակայն, որ կատարուած այդ նստացոյցը վերածուեցաւ բախումի` ապահովական ուժերուն եւ ցուցարարներուն, ինչպէս նաեւ սարակներուն եւ ցուցարարներուն միջեւ: Բախումները պատճառեցին նաեւ վիրաւորներ:

Այս ցոյցին պատճառով Քոռնիշ Նահըրի ճամբան փակուեցաւ:

Նստացոյցը տեւեց մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

Միւս կողմէ, սարակները, որոնք ամիսներէ ի վեր Ելեկտրականութեան ընկերութեան շրջափակին մէջ վրան մը լարած էին եւ նստացոյց կը կատարէին, երէկ իրենց վրանը տեղափոխեցին ընկերութեան մէջ սկսան հացադուլի` բողոքելով այն իրականութեան դէմ, որ իրենք ամիսներէ ի վեր ամսական աշխատավարձ չեն ստացած: Սարակները հաստատեցին, որ իրենց նստացոյցը մարդկային եւ աշխատաւորական շարժում մըն է:

Պասիլ Կ՛ընդունի Հայեքը

Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդի նախագահ Քամալ Հայեք` ընկերակցութեամբ ընկերութեան վարչական անձնակազմին, երէկ այցելեց ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի:

Հանդիպումէն ետք Հայեք յայտնեց, որ եթէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն կողմէ նստացոյցը շարունակուի իր այս ընթացքով, ապա ընկերութիւնը պիտի քայքայուի եւ աւելի ուշ քաղաքացիներուն պիտի պարտադրուի մեծ գումարներ վճարել, երբ ընկերութիւնը վերադառնայ իր բնականոն աշխատանքներուն:

Հայեք յայտնեց, որ սարակներուն կողմէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան դռները փակելու, պաշտօնեաներուն սնտուկները փակելու եւ աշխատանքի առիթ չտալու քայլերը արդէն իսկ բոլոր կարմիր գիծերը անցած են:

Ան հաստատեց, որ այսօր պիտի կատարուի հանդիպում մը, որուն ներկայ պիտի գտնուին ներքին գործոց եւ արդարութեան նախարարները, որոնք պիտի քննարկեն Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ տիրող իրավիճակը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES