Թենիս. Վաղը Կը Սկսի Մայա Հաժժարի Յիշատակին Նուիրուած Աղջկանց Մրցաշարքը
Հսկողութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, «Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապ» ակումբը կը կազմակերպէ Լիբանանի նախկին ախոյեան Մայա Հաժժարի յիշատակին նուիրուած թենիսի աղջկանց մրցաշարքը, որ տեղի պիտի ունենայ յաջորդաբար 5-րդ տարին ըլլալով:
Արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է այսօր` երեքշաբթի, 17 յուլիսին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, որմէ ժամ մը ետք տեղի պիտի ունենայ վիճակաձգութիւնը:
Արձանագրութեան համար պէտք է հեռաձայնել 04-524584 թիւին:
Նշենք, որ մրցաշարքը պիտի սկսի չորեքշաբթի, 18 յուլիսին:
CATEGORIES Մարզական

