Հրաչ Եաքան Հեռացաւ Գանձասարէն

Հրաչ Եաքան

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդներու հաւաքականի նախկին ֆութպոլիստ Հրաչ Եաքան հեռացած է Գանձասար Կապանէն:

Կապանեան ակումբը Եաքանի հետ ձմրան ընթացքին իր կնքած պայմանագրութիւնը խզած է, բնականաբար երկկողմանի համաձայնութիւն կնքուելէ ետք:

Եաքան, որ կը մտադրէ վերադառնալ Պելճիքա, նախապէս մաս կազմած է պելճիքական տեղական կազմերէն Սթանտար Լիեժի եւ Տիուպիզի:

 

Share this Article
CATEGORIES