Ուքրանիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Սկսաւ. Մխիթարեանի Տուպլէն Եւ Կոլային Երկու Փոխանցումները Յաղթանակ Ապահովեցին Շախտիոր Տոնեցքի
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ուքրանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Շախտիոր Տոնեցք տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 6-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Արսենալ Քիեւը (կիսախաղ` 4-0), կը յայտնէ Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջազգային յառաջապահ Հենրիխ Մխիթարեան, բացառիկ մրցում մը ներկայացնելով, նշանակեց իր կազմին երկու կոլերը (14-րդ եւ 31-րդ):
Այդ երկու կոլերէն բացի, ան կոլային երկու փոխանցում կատարեց իր խմբակիցներուն եւ յաջողեցաւ կերտել իր կազմին այս տպաւորիչ յաղթանակը:
Տոնեցքի երկրորդ խումբը Մեթալուրկ, մրցումին կորսուած վայրկեաններուն 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Տինամօ Քիեւէն:
CATEGORIES Մարզական


