Լոնտոն-2012. Ուքրանիոյ Հաւաքականին Կազմէն Ողիմպիական Խաղերուն Կը Մասնակցի Արթուր Այվազեան
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ազգային ողիմպիական կոմիտէին կողմէ հրապարակուած Ուքրանիոյ ողիմպիական հաւաքականին կազմին մէջ է հայազգի մարզիկ Արթուր Այվազեան, որ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ հրացանաձգութեան մարզաձեւին: Ան այս մարզին մէջ բաւական մեծ փորձառութիւն ունի եւ կրնայ օժանդակել Ուքրանիոյ, որ մետալի տիրանայ:
Նշենք, որ Ուքրանիոյ հաւաքականը կ՛ընդգրկէ 245 մարզիկ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 28 մարզաձեւերու, կ՛եզրափակէ PanArmenian.Net` իր լուրը քաղելով analitika.at.ua-էն:
CATEGORIES Մարզական


