Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պարգեւատրեց Լաւագոյն Մարզական Ընտանիք-2012 Մրցաշարքին Յաղթողները

Շաբաթ, 14 յուլիսին, Ծաղկաձորի ողիմպիական գլխաւոր մարզահամալիրի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցան լաւագոյն մարզական ընտանիք-2012 հանրապետական տարեկան մրցաշարքին աւարտական հանգրուանի մրցումները:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը յայտնէ, որ այս մրցումներուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահի աշխատակազմի լրատուական բաժանմունքի հաղորդագրութեան համաձայն, աւարտական հանգրուանին մասնակցած են նախորդ հանգրուանները յաջողութեամբ յաղթահարած Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան լաւագոյն մարզական ընտանիքները: Յաջորդաբար իններորդ տարին ըլլալով տեղի ունեցած լաւագոյն մարզական ընտանիք մրցաշարքը այս տարի եւս կայացաւ երեք տարիքային խումբերով` վեց մարզաձեւերու մէջ:

Նախագահ Սարգսեան, շնորհաւորելէ ետք լաւագոյն մարզական ընտանիք-2012 մրցաշարքին յաղթողները, իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ տարուէ տարի այս մրցաշարքը կը գտնէ յաւելեալ ժողովրդականութիւն եւ անոր կը մասնակցին հազարաւոր ընտանիքներ, ինչ որ էր արդէն անոր գլխաւոր նպատակը:

Ապա ան յաղթողներուն վկայագիրներ, նիւթական պարգեւներ եւ յուշանուէրներ յանձնեց: Անոր կողմէ լաւագոյն մարզական ընտանիք-2012 մրցաշարքին մասնակցած 108 ընտանիքի երեխաները պարգեւատրուեցան նաեւ մարզահագուստներով եւ յուշանուէրներով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES