«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Ուլիս – Ֆ. Ք. Շերիֆ

Միլան Միլանովիչ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, 2012-2013 տարեշրջանի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 17 յուլիսին, Ուլիս կը հիւրընկալէ Ֆ. Ք. Շերիֆը (Մոլտաւիա): Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), տեղի պիտի ունենայ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ, իսկ օրուան գլխաւոր իրաւարարն է Թամաս Պոկնար (Հունգարիա):

Երէկ պատասխանելով հայ լրագրողներուն հարցումներուն հիւր կազմի մարզիչ Միլան Միլանովիչ ինքնավստահօրէն ըսաւ, որ իր կազմը պիտի ըլլայ այսօրուան մրցումին յաղթականը:

 

Share this Article
CATEGORIES