Փրոֆ. Ժիհատ Սալամէի Շահեկան Զեկուցում-Դասախօսութիւնը
Կազմակերպութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան երկուշաբթի, 9 յուլիս 2012-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ զեկուցում-դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Ողիմպիական խաղերու պատմութիւնը` հիմնադրութենէն մինչեւ Լոնտոն 2012-»: Օրուան զեկուցաբերն էր ողիմպիական նիւթերու դասախօս եւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանի մարզական նիւթերու գլխաւոր պատասխանատու փրոֆ. Ժիհատ Սալամէ:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենադպիր Հայկ Թապաքեան:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Շրջանային վարչութիւնը յարմար նկատեց 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն նախօրեակին այս ձեռնարկը կազմակերպել` նպատակ ունենալով ՀՄԸՄ-ի շարքերուն եւ համակիրներուն ծանօթացնել ողիմպիական խաղերուն պատմականը` անոնց հիմնադրութեան առաջին օրէն մինչեւ օրս, ինչպէս նաեւ յառաջիկայ շաբաթներուն ընթացքին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք մրցումները հիւրընկալող ողիմպիական մարզաւաններու եւ մարզադաշտերու կառոյցները` իրենց բոլոր յատկութիւններով: Ներկայ դրութեամբ ողիմպիական խաղերուն 27 յուլիսէն 12 օգոստոս Լիբանանէն առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 11 երկսեռ մարզիկներ»:
Ապա ան բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի փինկ փոնկի ազգային խումբին մաս կազմող Դուին Մումջողլեանը, որ ուղղեց սրտի իր խօսքը:
Ան ողիմպիական խաղերուն կը մասնակցի հանդիսանալէ ետք Արեւմտեան Ասիոյ ախոյեան:
Վերջապէս բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան զեկուցաբեր-դասախօս փրոֆ. Ժիհատ Սալամէն:
Ան սահիկներու միջոցով ներկայացուց ողիմպիականի խաղերուն պատմականը եւ Ողիմպիական կոմիտէի հիմնադրութիւնը` հասնելով մինչեւ Լոնտոն-2012-ի վայրին ընտրութեան տուն տուող պատճառները եւ ողիմպիական խաղերուն մասնակցող մարզիկներուն կտրած հանգրուանները` զտումի մրցումներէն մինչեւ մասնակցութեան տոմս ապահովելը:
Սալամէ ներկայացուց նաեւ ողիմպիականին ծրագիր-կանոնագիրը, թէ ինչպէ՛ս կը ճշդուին մարզախաղերը եւ կամ ի՛նչ նշանակութիւն ունին անոր խորհրդանիշին օղակները:
Պէտք է ըսել, որ Սալամէ ներկաներուն ներկայացուց բաւական շահեկան դասախօսութիւն մը:
Ձեռնարկին աւարտին Հայկ Թապաքեան բեմ հրաւիրեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք փրոֆ. Ժիհատ Սալամէին, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան անունով յուշանուէրով մը պատուեց դասախօսը:

