50 Տարի Առաջ ( 18 Յուլիս 1962 )
Ներքին Կեանք
Երթեւեկի Հարցը Պէյրութի Մէջ
Լիբանան` 1 Ինքնաշարժ 23 Հոգիի,
Զուիցերիա` 8 Հոգիի, Շուէտ` 6
Գործնական Առաջարկ Մը` Ռիատ Սոլհ
Հրապարակի Խճողումը Նուազեցնելու Համար
Ինքնաշարժներու Ներածումը Արգիլելը
Հակատնտեսական Քայլ Մըն Է
Այս միջոցառումները կը վերաբերին ապագային եւ պիտի իրագործուին աստիճանաբար, կը կարօտին երկար ժամանակի: Այսուհանդերձ, այս հարցին շուրջ յայտնուած կարծիքներուն համաձայն, գոյութիւն ունին կարգ մը տրամադրութիւններ, որոնք կրնան անմիջապէս իրագործուիլ ելեկտրական նշաններու կողքին, եւ որոնք ոչինչ պիտի արժեն պետութեան:
Հարկ է ճամբաներուն վրայ գծել ինքնաշարժներու ուղղութեան գիծեր:
Օրինակի համար, առնենք Ռիատ Սոլհ հրապարակը տանող ճամբաները, այսինքն` Մորիս Պարրես, Ռիատ Սոլհ եւ Էմիր Պեշիր փողոցները: Երբ լոյսը կանաչ է Ռիատ Սոլհ փողոցէն եկող ինքնաշարժներուն համար, եւ որոնք պիտի երթան դէպի Քափուչիներու փողոցը կամ դէպի Պասթա, պէտք է որ Մորիս Պարես փողոցին ձախէն իջնող ինքնաշարժները, որոնք կարմիր լոյսի առջեւ կը գտնուին, կարողանան երթալ Քափուչիներու փողոցը: Այսպէս, երբ Մորիս Պարես փողոցի լոյսը կանաչ կը դառնայ, ինքնաշարժներու ալիքը նուազ կ՛ըլլայ ու հոսանքը աւելի արագ, որովհետեւ, ինչպէս ամէն ոք գիտէ, երթեւեկի գլխաւոր խնդիրը մնայուն երթեւեկի մը պահպանումն է:
Ասիկա ընելու համար Պարես փողոցի սկզբնաւորութենէն գծուած ճերմակ գիծ մը ինքնաշարժները պիտի ուղղէ ուզուած ուղղութեամբ, տակաւին` փողոցին ծայրը չհասած, գործողութիւն մը, որ յետոյ շատ դժուար պիտի ըլլայ:
Երթեւեկի ոստիկանի մը հսկողութեան ներքեւ 2-3 օրուան փորձ մը ինքնաշարժի վարիչները պիտի վարժեցնէ այս դրութեան:
Այս օրինակը կը պատշաճի նաեւ նոյն խնդիրը ներկայացնող բոլոր քառուղիներուն, ինչպէս` Պատարօ-Օթել Տիէօ- Քոռնիշ կամ Սէյֆի-Պուրճի հրապարակ-Ռիվոլի կամ նաեւ` Ֆուատ Ա. փողոց – Դամասկոս փողոց- Նահրի Քոռնիշ եւ այլն:
Ինքնաշարժներու Սահմանափակումը`
Հակատնտեսական Լուծում
Կը մնայ գիտնալ, թէ ինքնաշարժներու ներածման սահմանափակումը երթեւեկի խնդրին կարելի լուծումներէն մէկը պիտի մնա՞յ: Կ՛ուզենք քիչ մը աւելի ուշադրութիւն ընծայել այս խնդրին` նկատի առած անոր կարեւորութիւնը:
Այս հարցին մէջ բոլոր ձեռնհաս անձերու կարծիքով, որոնց ուղղեցինք մեր հարցումը, ինքնաշարժներու ներածումներուն սահմանափակումը նկատուեցաւ հակատնտեսական միջոցառում մը, որ որեւէ օգուտ պիտի չունենայ երթեւեկի խնդրին լուծման համար:
Ոմանք յայտարարեցին. «Երեւակայեցէք, որ ինքնաշարժ արտադրող երկիրներու կառավարութիւնները կը հրահանգեն փակել գործարանները` նուազեցնելու համար երթեւեկը իրենց ճամբաներուն վրայ»: Ուրիշներ այս միջոցառումը բաղդատեցին միջոցառման հետ բժիշկի մը, որ հիւանդ մը կը գլխատէ` զայն բուժելու համար պարզ հարբուխէ մը:
Բայց ի՞նչ կ՛ըսեն վիճակագրութիւնները:
Լիբանանի մէջ կան մօտաւորապէս 66,305 ինքնաշարժներ. միջին հաշուով 1 ինքնաշարժ` 23 բնակիչի համար: Այս համեմատութիւնը դեռ շատ հեռու է համեմատութենէն Զուիցերիոյ, որ Լիբանանի հիմնական յատկանիշները ներկայացնելով հանդերձ, 1 ինքնաշարժ ունի 8 բնակիչի համար, եւ Շուէտի, որ 1 ինքնաշարժ ունի 6 անձի համար:
Պէյրութ եւ Լիբանան ներկայիս աճման շրջան մը կը բոլորեն: Այս վիճակը անհրաժեշտաբար հրամայական կը դարձնէ ինքնաշարժներու թիւի աստիճանական աճ մը, որովհետեւ ինքնաշարժը երթեւեկի միակ միջոցն է, հետեւաբար` կենսական ջիղը, որմէ կախում ունի երկրագործական, ճարտարարուեստական եւ զբօսաշրջային մարզերու զարգացումը:

