«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Հիւղաւաններուն Հարցը Եւ Ժողովուրդին Տեղաւորման Աշխատանքները
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Պէյրութի եւ շրջակայքին մէջ Պուրճ Համուտի, Էշրեֆիէի, Նոր Հաճընի, Խալիլ Պատաուիի, Ճերմակ տուներու, Սեփէթ Տուրմազի եւ Հայաշէնի հայկական թաղամասերը կազմաւորուած էին եւ բաւական թիւով ընտանիքներ Պէյրութի տարբեր թաղամասերուն մէջ հաստատուած էին: «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած ծանուցումներէն արդէն կը տեղեկանանք Պէյրութի շուկային վրայ անուն ու դիրք շահած հայ վաճառականներու գործունէութեան մասին:
Քէմփերուն մէջ ապաստան գտած հայութեան համար 1933-1934 տարիները եղան չափազանց ծանր, եւ տեղաւորման ահաւոր դժուարութիւններու դէմ յանդիման գտնուեցան ժողովրդային համեստ խաւերը: Մեծ վրանաքաղաքը հրկիզուած եւ Ամանոս քէմփէն մաս մը քանդուած, սակայն ժողովուրդին ստուար համեմատութիւնը տակաւին կը մնար քէմփերուն մէջ: Շատեր անգործ, օրապահիկ մը ապահովելու անկարող, խեղճ ու կրակ, առողջապահական տարրական պայմաններէ զուրկ, թիթեղի, փայտի եւ քուրջի կտորներէ բաղկացած հիւղակներու մէջ, ծայրայեղ թշուառութեան մէջ, գոյութիւն մը կը պահէին:
1934-ի գարնան կառավարութիւնը եւ ՊԷյրութի քաղաքապետութիւնը ֆրանսական հոգատար իշխանութեան հետ համախորհուրդ որոշեցին քանդել քէմփերը եւ վերջ տալ անոնց գոյութեան: Ապրիլ 15-ին պիտի սկսէին քանդումի աշխատանքները, եւ եթէ, կառավարութեան որոշումին համաձայն, մինչեւ այդ օր հիւղակներուն տէրերը իրենց կամքով չփլցնէին իրենց հիւղերը, իւրաքանչիւր օր 800 հիւղակ պիտի փլցուէր եւ հիւղակներուն տէրերը իրենք պիտի վճարէին քանդումի ծախսերը: Ազգային իշխանութիւնները փութով դիմումներ ներկայացուցին պատկան իշխանութիւններուն, գոնէ որոշ ժամանակով մը յետաձգելու եւ հանգրուանային կերպով կատարելու քանդումի աշխատանքները:
Կառավարութիւնը բարեացակամ գտնուելով յօժարեցաւ հանգրուանային կերպով կատարելու եւ մինչեւ երկու ամիսով երկարաձգելու ամբողջական քանդումի աշխատանքները:
Ժողովուրդի տագնապին եւ տիրող իրավիճակին թարգման հանդիսանալով, «Ազդակ» 12 ապրիլ 1934-ի թիւով եւ «Հիւղաւաններու հարցը» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.
«Մեր ժողովուրդը մտահոգող օրուան ամէնէն հրատապ խնդիրն է հիւղաւանները քանդելու որոշումը:
Լիբանանի կառավարութիւնը եւ Պէյրութի ու Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնները, համախորհուրդ ֆրանսացի խորհրդականներու, վերջնականապէս որոշած են քանդել քաղաքին մէջ եւ շրջանակները գտնուող տախտակէ ու թիթեղէ հիւղակները:
Մեր տարագիր ժողովուրդը, երբ տարիներ առաջ ապաստանեցաւ այս հիւրընկալ ափերը, իր գլուխը դնելու եւ ցուրտէն ու անձրեւէն պաշտպանուելու համար, անզօր միջոցներով հազիւ կրցաւ թիթեղեայ հիւղակներ կառուցել իրարու վրայ եւ անոնց մէջ տեղաւորել իր սրտահատորները:
Այդ առժամեայ եւ հակաառողջապահիկ հիւղակները, սակայն, յաւերժական դարձան եւ տարուէ տարի աւելի մթագնեցան մեր յոյսի երկնակամարները: Հետզհետէ ստուարացող կարաւանները տարագիր հայերու, կրկնապատկեցին խճողումը հիւղաւաններու մէջ եւ մթնոլորտը դարձուցին անշնչելի: Անողոք ժամանակն ու ճակատագիրը առիթ չտուին մեր ժողովուրդին ազատուելու այդ միջավայրէն: Ընդհակառակը, օրը օրին աւելի դժուարացան պայմանները եւ ծանրացաւ ապրուստի հոգը: Շատ քիչեր բախտաւորուեցան սեփական տունի ու տեղի տէր ըլլալով: Մեծամասնութիւնը մեր ժողովուրդին մնաց թիթեղեայ պարաքներու մէջ, ուր մինչեւ այսօր կը շարունակեն քաշքշել իրենց օրերը:
Շատ սրտաճմլիկ է տեսարանը մեր հիւղաւաններու: Խճողման եւ անկանոնութեան պատճառաւ առհասարակ հիւանդութեանց բոյներ դարձած են անոնք: Յաճախ խոնաւ ու լճացած ջուրեր մալարիայի եւ այլ թունաւոր մանրէներու որջեր եղած են: Հակառակ իր կամքին ու փափաքին, մեր ժողովուրդը կը մնայ այդ միջավայրի մէջ, հնարաւորութիւն չունենալով առանձին բնակարաններ շինելու կամ վարձելու: Տեղաւորման աշխատանքներն ալ այնքան լայն համեմատութիւններ չունեցան, մեր բոլոր հայրենակիցները ազատելու համար հիւղաւաններու վատառողջ շրջանակէն:
Ուրեմն, մէկ կողմէ հետզհետէ սաստկացող տագնապը եւ միւս կողմէ ալ տեղաւորման ծրագիրներուն համար շօշափելի գումարներու չգոյութիւնը, պարտադրեցին մեր ժողովուրդին մեծամասնութիւնը` սպասելու հիւղաւաններու խրճիթներուն մէջ, դիմագրաւելով բազմազան հիւանդութեանց եւ ախտերու:
Եւ, բաղդատաբար, ամէնէն ողբերգական վիճակը կը ներկայացնեն Պէյրութի հիւղաւանները, նախ կլիմայի արդէն իսկ աննպաստ պայմանով եւ երկրորդ տիրող սղութեան պատճառաւ: Առանց թափանցելու մեր հայրենակիցներու ներքին ապրումներուն, կարելի չէ հասկնալ անոնց թշուառութեան եւ կարօտութեան չափն ու սաստկութիւնը:
Իրականութիւնը թէպէտ դառն սակայն անխուսափելի է այս անգամ: Վճռապէս որոշուած է քանդել հայկական հիւղաւանները: Համաձայն Պուրճ Համուտի կառավարութեան որոշման եւ պաշտօնական յայտարարութեանց, ամսոյս 15-ին պիտի սկսին քանդումի գործողութիւնները: Շնորհիւ եղած միջամտութեանց եւ դիմումներու հազիւ կարելի եղած է կարգ մը դիւրութիւններ ձեռք ձգել: Ըստ նախորդ որոշման 800 հիւղակներ մէկ օրուան մէջ եւ մէկ անգամէն պիտի քանդուէին, եթէ բնակիչները մինչեւ այդ թուականը իրենց կամքով եւ միջոցներով չփլցնէին: Բացի այդ կառավարութիւնը հիւղակներու սեփականատէրերէն պիտի գանձէր քանդումի ծախքերը:
Մասամբ փոխուած է այդ որոշումը: Կառավարութիւնը յօժարած է քանդումի ժամանակաշրջանը երկարաձգել մինչեւ 2 ամիս, սկսելով ամսոյս 15-էն: Կը նշանակէ ուրեմն որ, քանի մը օրէն մօտ 200 հիւղակներ պիտի քանդուին: Կրկին դիմում եւ խնդրանք չպիտի կրնան փոխել ճակատագիրը մեր հիւղաւաններուն եւ շատ շատ պիտի նպաստեն երկուքը երեք կամ չորս ամիս ընելու:
Կ՛իմանանք նաեւ որ Պէյրութի քաղաքապետութիւնը նոր յանձնախումբ մը կազմած է, որուն պաշտօնը պիտի ըլլայ Ամանոսի եւ Մասլախի քէմփերուն քանդումին շուրջ ծրագիր մը պատրաստել: Մինչեւ 1935 պայմանաժամ տրուած է այդ մշակուելիք ծրագրին գործադրութեան համար:
Այս հաշուով յառաջիկայ 5 – 6 ամիսներու ընթացքին պիտի փլցուին 2000-ի մօտ հիւղակներ եւ այդքան ընտանիքներ պիտի մնան անպատսպար: Շատ աւելի ողբերգական պիտի ըլլայ վիճակը մեր անպատսպար հայրենակիցներու, եթէ խճողում տեղի ունենայ եւ մէկ անգամէն քանի մը հարիւր ընտանիքներ մնան առանց բնակարանի:
Ի՞նչ պէտք է ընել մեղմելու համար յառաջ գալիք թշուառութիւնը:
Սպասել մինչեւ որ կարգը գայ, կը նշանակէ մէկ կողմէ դժուարացնել կառավարութեան գործը, միւս կողմէ ալ մատնուիլ նոր դժբախտութեանց: Ինքնախաբէութիւն է յուսալ որ կառավարութիւնը կը հրաժարի իր որոշումէն եւ տեւականօրէն կը մնան հիւղաւանները: Եթէ կարելի եղաւ մէկ երկու ամիս երկարաձգել այդ որոշման գործադրութիւնը, այդ պարզապէս առիթ տալու համար էր հիւղաւաններու մէջ բնակող մեր հայրենակիցներուն, որ իրենց կամքով եւ միջոցներով դուրս գան հիւղաւաններէն` թէ՛ կառավարութեան գործը դիւրացնելու եւ թէ ալ տեղաւորման հնարաւորութիւններ ստեղծելու համար:
Անուրանալի է որ բազմաթիւ թշուառ ու կարօտ ընտանիքներու կարգին, կան նաեւ հայրենակիցներ, որոնք քիչ մը զոհողութիւն ընելով կրնան տեղաւորման հնարաւորութիւններ գտնել եւ դուրս գալ հիւղաւաններէն: Հակառակ սակայն անխուսափելի սպառնալիքին, անոնք գամուած կը մնան իրենց պարաքներուն մէջ, պատճառ դառնալով որ հիւղաւաններու ամբողջ բնակիչները վտանգի ենթարկուին: Եթէ մեր այդ քիչ շատ ունեւոր նկատուած հայրենակիցները խղճահարուին եւ իրենց կամքով դուրս գան հիւղաւաններէն, բնականաբար կը վերնայ խճողումը եւ կառավարութիւնն ալ աւելի թոյլատու կը գտնուի: Նոյն իսկ հնարաւորութիւններ կը ստեղծուին բացարձակ աղքատներու տեղաւորման համար:
Արդ, շատ որոշ է մեր ընելիքը:
Կրկնենք. անոնք որ իրենց սեփական միջոցներով տեղաւորուելու հնարաւորութիւններ ունին, օր առաջ պէտք է դուրս գան հիւղաւաններէն, առանց սպասելու կառավարական բռնութեանց` փլցնելու համար իրենց հիւղակները»:
***
Կառավարութեան եւ Պէյրութի քաղաքապետութեան որոշումին համաձայն, 15 ապրիլ 1934-ին պիտի սկսէին քէմփերուն քանդումի աշխատանքները, որոնք պիտի աւարտէին մինչեւ 1935: Ժողովուրդը կը մնար շուարած եւ անճրկած, իսկ կառավարութենէն տրուելիք որեւէ օժանդակութիւն կը մնար թէական: Տեղաւորման որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունէր, եւ պարզ էր որ հիւղաւաններու քանդումով, հազարաւոր հայեր փողոցները պիտի մնային: Քէմփերուն մէջ կային քիչ թէ շատ ունեւոր ընտանիքներ, որոնք կրնային իրենց սեփական միջոցներով տեղաւորուիլ. ազգային մարմիններ թելադրեցին անոնց, որպէսզի նախ անոնք դուրս ելլեն, առիթ տալու համար աւելի կարիքաւորներուն:
Կառավարութիւնը նախապէս խոստացուած օժանդակութիւնը չէր տրամադրած հրկիզեալ մեծ քէմփի աղէտեալներուն, եւ ընդհանուր տրամադրութիւնը այն էր, որ այս անգամ ալ գթասրտութիւն պիտի չցուցաբերուէր: Մինչդեռ, Պէյրութի Քաուքապ պանդոկի փլուզումին զոհ գացած 40 անձերու պարագաներուն կառավարութիւնը տարբեր վերաբերմունք ցուցաբերած եւ հատուցում տուած էր:
18 ապրիլ 1934-ի թիւով եւ «մէկ չափ եւ մէկ կշիռ» խորագիրով խմբագրականով «Ազդակ» կը գրէր.
«Երէկ վերջացաւ կառավարութեան կողմէ տրուած պայմանաժամը` Պէյրութի հիւղաւաններու քանդումին շուրջ: Եթէ սկսած չեն քանդելու աշխատանքները մինչեւ այս տողերու գրուած ժամը, անկասկած պիտի սկսին քանի մը օրէն: Մօտաւորապէս 2000 հիւղակներ, բոլորն ալ հայապատկան, պիտի փլցուին մինչեւ 1935, համաձայն գոյացած համաձայնութեան Պէյրութի քաղաքապետութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան միջեւ:
Անցած շաբաթ գրած էինք այս խնդրի մասին եւ յայտնած մեր տեսակէտը: Գտած էինք արդար եւ իրաւացի կառավարութեան ծրագիրը` հիւղաւաններու քանդումին շուրջ: Կրկնակ պատճառներով անյարմար էր եւ անպատեհ Լիբանանի մայրաքաղաքի մէկ մասին մէջ թիթեղէ եւ տախտակէ կառուցուած հիւղակներու ներկայութիւնը: Տարիներէ ի վեր տրուած երկար պայմանաժամը արժանի էր մասնաւոր շնորհակալութեան: Հիմա ալ կողմնակից ենք, որ քանդուին օր առաջ այդ հիւղակները: Նախ, պէտք է դուրս գան հիւղաւաններէն քիչ շատ ունեւոր հայրենակիցներ, առիթ տալու համար աւելի չքաւորներուն, որ կարենան օգտուիլ կառավարութեան բարեացակամութենէն:
Կ՛ընդունինք առանց առարկութեան, որ ներկայ վրանաքաղաքներու մէջ կը գտնուին հայրենակիցներ, որոնք կրնան իրենց անձնական միջոցներով տեղաւորուիլ, եթէ քիչ մը հանդուրժեն դժուարութեանց եւ դիմագրաւեն արգելքներու: Սակայն, ջախջախիչ մեծամասնութիւնը, բոլորովին անկարող վիճակ մը ունի եւ տեղէն շարժելու հնարաւորութենէն զուրկ: Եթէ անոնց տեղաւորման համար նախապէս միջոցներ չխորհուին, թշուառութիւնը պիտի հասնի ծայրայեղ չափերու եւ մեր հայրենակիցներուն մեծ մասը պիտի մնայ փողոցներու մէջ:
Ի՞նչ կը խորհի եւ կը ծրագրէ կառավարութիւնը, երբ հաստատ կը մնայ իր որոշման վրայ եւ պիտի սկսի քանդումի գործողութեանց: Ապահովա՞ծ է տեղաւորումը անճար եւ անպատսպար լիբանանցի հայերու, որոնք վաղը դուրս պիտի մնան: Եթէ, ուրեմն, ձեռք առնուած չեն տեղաւորման միջոցները, վաղը զարհուրելի աղէտի մը առջեւ պիտի գտնուինք: Այժմ անօթութեան ու հիւանդութեան դէմ պայքարող հայրենակիցները, վաղը զոհ պիտի երթան ցուրտին ու անձրեւին եւ բաց երկինքի տակ պիտի ցուցադրեն իրենց թշուառութիւնը, արատ բերելով Լիբանանի կառավարութեան գթասրտութեան` հանդէպ իր հպատակներուն:
Ինչո՞ւ պահենք, կը տարակուսինք այդ մասին: Վրանաքաղաքի աղէտալի հրդեհէն վերջ, անցած տարի դժբախտաբար մեր կառավարութիւնը չի կրցաւ անմիջական եւ անհրաժեշտ օգնութեան ձեռք երկարել` ամոքելու համար թշուառութիւնը: Հայ յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն հովանաւորութեամբ կազմուած Խնամատար Մարմինն էր, որ շուտով կազմակերպեց եղբայրական օգնութեան գովելի աշխատանք, այդ կերպով ըստ կարելւոյն մեղմելով տառապանքն ու թշուառութիւնը: Լիբանանի կառավարութիւնը, այդ օրերուն որոշած էր 1000 ոսկի տրամադրել Խնամատար մարմնին, յատկացուելու համար հրկիզեալներու կարիքներուն, սակայն, դժբախտաբար, վերջէն չէր յանձնած այդ գումարը: Եւ մինչեւ հիմա ալ, Խնամատար մարմնի դիմումները` ստանալու համար այդ գումարը, աննկատ մնացած են:
Լիբանանի կառավարութեան գթասրտութեան չափանիշը ցոյց տրուեցաւ սակայն ուրիշ առիթներով ալ: Մէկ եւ կէս ամիս առաջ, Քէվքէպի աղէտին առթիւ, քառասուն զոհերու ընտանիքներուն օգնութիւն փութացնելու համար կառավարութիւնը տարբեր ոգի եւ վերաբերում ցոյց տուաւ եւ քաջալերեց ու հովանաւորեց հանգանակութիւնը: Մէկ անգամէն 3000 ոսկի յատկացուց պետական գանձէն, բացի հիւանդանոցի եւ դարմանումի ծախքերէն: Հրապարակ իջաւ Կարմիր խաչը, բազմաթիւ բարեսիրական ընկերութիւններ գործի ձեռնարկեցին եւ գոյացուցին 20,000 ս. ոսկի մէկ ամսուան ընթացքին: Եւ դեռ կը շարունակուի հանգանակութիւնը, գումարը բարձրացնելու համար 40,000 ոսկիի:
Ինչո՞ւ այս երկու չափ երկու կշիռը: 5 – 6000 լիբանանցի հայեր, երբ մնացին բացօթեայ դաշտին վրայ անօթի ու թշուառ, ինչո՞ւ կառավարութիւնը ցոյց չտուաւ այդ միեւնոյն հոգածութիւնը:
Սխալ չհասկցուինք: Անչափ ուրախութիւն պատճառած է մեզ Քէվքէպի աղէտեալներուն հանդէպ ցոյց տրուած վերաբերմունքը եւ կը փափաքինք, որ գումարը բարձրացուի ոչ միայն 40,000-ի, այլ կրկնապատիկ աւելիին: Տարաբախտ զոհերու ընտանիքները պէտք չէ մնան կարօտութեան մէջ եւ ամէն կերպով պէտք է հոգացուի անոնց հանգիստը: Կառավարութիւնն ալ պէտք է կրկնապատկէ իր յատկացուցած գումարը:
Սակայն, կ՛ուզենք, որ այդ միեւնոյն ոգիով եւ անխտրականութեամբ վերաբերուին նաեւ լիբանանցի հայերու հանդէպ, որոնց մեծ մասը այսօր գոյութեան պայքար կը մղէ սովի ու հիւանդութեան դէմ: Թեթեւ քննութիւն մը պիտի հարկադրէ ամէնէն անգութներուն աչքերն իսկ փակուելու` ահաւորութեանը առջեւ սրտակեղեք կարօտութեան տեսարաններու:
Այս անգամ շատ մեծ յոյսեր դրած ենք մենք Լիբանանի արդարադատ կառավարութեան վրայ, որուն հպատակութիւնը ընդունած ենք հպարտութեամբ: Համոզուած ենք, որ հիւղաւաններու քանդումին հետեւանքով յառաջ գալիք թշուառութիւնը մեղմացնելու համար կառավարութիւնը այժմէն միջոցներ կը խորհի, այլապէս չափազանց ողբերգական կ՛ըլլայ հիւղաւաններու քանդումին հետեւանքով ստեղծուելիք կացութիւնը:
Աւելի բան մը չէ, որ կը պահանջենք մեր կառավարութենէն. մէկ չափ եւ մէկ կշիռ: Բաւական է, որ արժանանանք զանազան առիթներով ցոյց տրուած գթասրտութեան»:





