Հայրենի Կեանք
Ջրառատ Վարդավառ
Հայաստանի Մէջ
Կիրակի, 15 յուլիսին Վարդավառի տօնը տիրական, շօշափելի եւ ջրառատ ներկայութիւն էր Հայաստանի մէջ: Երեւանի փողոցները ողողուած էին դոյլերով «զինուած» պատանիներով եւ երիտասարդներով, որոնք ոչ մէկ անցորդի առիթ կու տային առանց Վարդավառ տօնելու եւ թրջուելու շարունակել իրենց ճամբան:
«Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի
«Պարարուեստի Օրեր» Ծրագիրը Աւարտեցաւ
10 յուլիսին Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնի շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կայացած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»-ու եզրափակիչ հանդիսութիւնը: Իւրաքանչիւր պարախումբ հանդէս եկաւ պարային ելոյթով մը:
Սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի աջակիցներուն, հովանաւորներուն եւ մասնակիցներուն` նշելով, որ Գ. Սունդուկեանի թատրոնի պատմութեան մէջ չէ պատահած, որ հանդիսատեսներու թիւն ու բեմին վրայ եղողներուն թիւը նոյնը ըլլայ:
Ան նշեց, որ 1300 սփիւռքահայ պատանիներ այս ծրագիրով եկած են Հայաստան եւ ելոյթներ ունեցած` մայրաքաղաքի տարբեր մարզերու եւ Արցախի մէջ: «Մենք խոնարհւում ենք այս երիտասարդների առաջ, որովհետեւ նրանք աշխարհի տարբեր երկրներում, տարբեր մշակոյթների եւ լեզուների ազդեցութեան տակ այսօր հայ են մնացել ու մշտարթուն են պահում հայի ոգին», հաստատեց նախարարը:
Աւարտին սփիւռքի նախարարը բոլոր պարախումբերուն յանձնեց փառատօնի մասնակցութեան հաստատագրեր եւ յուշանուէրներ:
Յուլիս 9-ին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան հանդիպեցաւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի «Պարարուեստի օրեր» ծրագրի մասնակցողներուն:
Նախարարը հիւրերը ողջունելէ ետք ներկայացուց անոնց նախարարութեան ծրագիրները եւ նշեց, որ` «նախարարութեան ծրագիրներուն իրականացման հիմնական հարցը այն է, որ սփիւռքի մեր հայրենակիցները գալով հայրենիք եւ մասնակցելով այս ծրագիրներուն` իւրաքանչիւրը իր գաղութը վերադառնալէ ետք կը զգայ եւ կ՛ապրի հայրենիքի շունչով եւ մշտարթուն հայու ոգիով»: Ան յայտնած է նաեւ, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասին պիտի պատրաստուի նաեւ ժապաւէն:
Հանդիպման աւարտին ներկաները իրենց տպաւորութիւնները բաժնեկցեցան նախարարին հետ եւ ներկայացուցին առաջարկներ:
Յայտարարուեցան «Ոսկէ Ծիրան»
9-րդ Միջազգային Փառատօնին
Մրցանակակիրներուն Անունները
Յայտարարուեցան «Ոսկէ ծիրան» 9-րդ միջազգային փառատօնին մրցանակակիրներուն անունները: «Լաւագոյն խաղարկային ժապաւէն» անուանակարգին մէջ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակի արժանացաւ Սերգէյ Լոզնիցայի «Մշուշի մէջ», իսկ «Արծաթէ ծիրան»` Անկա Սասնալի «Հեռուէն սիրուն կ՛երեւի» ժապաւէնները: Դատական կազմի յատուկ մրցանակ ստացաւ Խոսէ Լուիս Տորրես Լէյվան` «Ամառ» ժապաւէնին համար:
«Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն» անուանակարգին «Ոսկէ ծիրան» մրցանակին արժանացան Էմատ Պուռնաթի եւ Կի Տաւիտիի` «Հինգ կոտրուած տեսախցիկ», «Արծաթէ ծիրան»` Ալեքսէյ Վախրուշեւի «Թունտրայի գիրքը. պատմուածք Վուկվուկայի` փոքրիկ քարի մասին» ժապաւէնները:
«Լաւագոյն հայկական խաղարկային ժապաւէն» անուանակարգին մէջ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակ ստացաւ Նաթալիա Պելեաուսքենէի «Եթէ բոլորը» ժապաւէնը: Իսկ «Արծաթէ ծիրան» մրցանակը բաժին ինկաւ «Նանա» ժապաւէնի բեմադրիչ Վալերի Մասադեանի:
«Լաւագոյն հայկական ժապաւէն» անուանակարգին մէջ գլխաւոր մրցանակին արժանացաւ Կասիանա Տէր Յարութիւնեանի, Սեզար Կանանեանի, Գարի Կանանեանի «Հայկական ռապսոդիա» ժապաւէնը:
Կարճատեւ ժապաւէններու յատուկ «Կորիզ» մրցոյթին «Ոսկէ ծիրան» ստացաւ Էտուարտօ Մուրութոյի «Երբ մեռնենք գիշերը» ժապաւէնը, իսկ դատական կազմի յատուկ կարծիքին արժանացաւ «Պատահական միջադէպի աննշան մանրամասները» ժապաւէնը, որ բեմադրած է Միխայիլ Մեսթեցքի:
Ֆայփրեսքի մրցանակին արժանացաւ «Գարնան առաջին անձրեւները» ժապաւէնը: «Եթէ բոլորը» եւ համշէնահայ բեմադրիչ Օզճան Ալփերի «Ապագան յաւերժ է» ժապաւէնները արժանացան Էյքումենիք դատական կազմի մրցանակներուն:
Հայաստանի Ազգային շարժապատկերի ակադեմիայի մրցանակին արժանացաւ Սիւզան Խարտալեանի «Տատիկիս դաջուածքները» ժապաւէնը, Բրիտանական խորհուրդի մրցանակին` «Հայկական ռապսոդիա» շարժանկարը, Հայաստանի ժապաւէն արտադրողներու միութեան մրցանակին` «Ֆիտելի հետ, ինչ ալ ըլլայ» ժապաւէնը:
«Հրանդ Մաթեւոսեան» մրցանակը ստացաւ ֆրանսահայ բեմադրիչ Տիգրան Աւետիքեան` «Վատ հայրը» ժապաւէնին համար:
Փառատօնին փակման արարողութեան ընթացքին «Ոսկէ ծիրան»-ի պատուաւոր հիւր աշխարհահռչակ բեմադրիչ Ակնիէսքա Հոլանտ արժանացաւ «Փարաջանովի Թալեր» մրցանակին, ինչպէս նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սահմանած մրցանակին` «Եղիցի լոյս»-ին արժանացաւ ռուս հանրայայտ բեմադրիչ Ալեքսանտր Սոքուրովին:
Յայտնենք, որ փառատօնին ընթացքին կայացան «Յարգանքի տուրք» եւ յետահայեաց ցուցադրութիւններ: Նաեւ նշուեցան Ֆրունզէ Դովլաթեանի 85, Անտրէյ Թարքովսքիի 80 եւ Եուրի Երզնկեանի 90-ամեակները: Շարժապատկերի փառատօնի ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ «Գիրք եւ շարժապատկեր» ծրագիրը:
Յիշեցնենք, որ փառատօնին բացումը կատարուած էր յուլիս 8-ին եւ անոր մասնակցած էին 170 երկար, կարճ, խաղարկային եւ վաւերագրական ժապաւէններ:
«Վիվասել – Էմ. Թի. Էս.»-ը 165 Միլիոն Դրամ
Յատկացուցած Է Արմաւիրի Մարզին Մէջ
«Զենիթ» Հակակարկտային 23 Կայաններու
Տեղադրման Համար
Կլիմայական պայմանները միշտ չէ, որ նպաստաւոր են հայրենի գիւղացիներուն համար: Ամէն տարի երկրին գիւղատնտեսութիւնը բերքի եւ գոյքային զգալի կորուստներ կը կրէ անբարենպաստ եղանակին պատճառով: Կարկուտին հասցուցած վնասը կը կազմէ` բնական աղէտներուն պատճառած ամբողջ վնասին մօտաւորապէս 50 առ հարիւրը: Ինչպէս նաեւ յաճախ կարկուտի տեսքով տեղումները կը յանգեցնեն բերքի մեծածաւալ, իսկ որոշ դէպքերու պարագային` ամբողջական կորուստի: Ասկէ բացի, վերջին տասնամեակներուն արձանագրուող կլիմայական փոփոխութիւնները պատճառ հանդիսացած են կարկուտ տեղալու սաստկացման:
Մշակուած հողատարածքները կարկուտէ պաշտպանելու ամէնէն իրատեսական տարբերակը հակակարկտային կայաններու տեղադրումն է: Միայն այս տարուան ընթացքին «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը արդէն 45 միլիոն դրամի ներդրումներ իրականացուցած է Արմաւիրի Քարակերտ, Լեռնագոգ, Շենիկ, Նոր Արտամետ եւ Արգինա գիւղերուն մէջ ութ միաւոր «Զենիթ» հակակարկտային կայաններու արտադրման եւ տեղակայման համար: Անցեալ տարի, ըստ որոշ գնահատականներու, գիւղացիները գիւղատնտեսական ապրանքներու մօտաւորապէս 60 առ հարիւրը կորսնցուցին կարկուտի պատճառով:
Հակակարկտային կայանի կառավարումը կ՛իրականացուի բջիջային հեռախօսէ Ճի. Էս. Էմ. շարժական կապի միջոցով` կիրարկելով կարճ հաղորդագրութիւններ: Վերջինիս թեքնիք ապահովումը կ՛իրականացուի «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.» ընկերութեան կապի միջոցներով. բջիջային առաջատար ընկերութիւնը հակակարկտային կայաններու համար նաեւ սահմանած է կապի յատուկ սակագին: Նշենք, որ կայանին ինքնավար աշխատանքը ապահովելու համար կ՛օգտագործուի արեւային ելեկտրասնուցման համակարգ:
Հակակարկտային համակարգը բաղկացած է կազարտադրիչ եւ ինքնաբերաբար գործող համակարգէ: «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան յայտնած է, որ` «յաճախ գարնան կարկուտը զգալի վնաս կը հասցնէ գիւղացիներուն: Նաեւ այս մէկը կորուստներու պատճառ կը հանդիսանայ Հայաստանի ամբողջ գիւղատնտեսութեան համար, որ ե՛ւ առաջնային, ե՛ւ տնտեսութեան ամէնէն խոցելի ոլորտներէն է: Զգալի ժամանակ եւ ներդրումներ պահանջող բերքը կրնայ բնական աղէտի պատճառով ոչնչանալ ընդամէնը քանի մը վայրկեանի մէջ: Այս մէկը հսկայական կորուստ է թէ՛ երկրի տնտեսութեան եւ թէ՛ սեփական տնտեսութիւններու համար: Հակակարկտային կայանները կ՛օգնեն աւելցնելու գիւղատնտեսութեան ոլորտի եկամտաբերութիւնը, իսկ երկարաժամկէտ հեռանկարի վրայ` բարելաւելու մարզերու բնակչութեան կեանքի որակը», շեշտած է տնօրէնը:
Յայտնենք, որ 2008-2010 թուականներուն «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը այս ծրագիրին իրականացման համար յատկացուցած է 120 միլիոն դրամ, իսկ միայն 2012-ին` 45 միլիոն դրամ: Գիւղական համայնքներու մէջ 4 տարուան ընթացքին 165 միլիոն դրամ գումարի ներդրումներով «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»-ը յաջողած է օգնել եւ նուազագոյնի հասցնել բերքին կորուստը եւ ապագայի հեռանկարով գիւղացիներուն ապահոված է կայուն զարգացման համար նպաստաւոր պայմաններու ստեղծումը:
Տեղեկացնենք, որ հինգ գիւղերու մէջ մօտաւորապէս 90 առ հարիւր արդիւնաւէտութեամբ գործող հակակարկտային կայաններու տեղադրման շնորհիւ` ընդամէնը մէկ տարուան ընթացքին Արմաւիրի մարզին մէջ այժմ կարելի է պաշտպանել 800 հեկտար մշակուած հողատարածք:
«Զենիթ» հակակարկտային կայանները մշակուած եւ արտադրուած են «Բարվա» կեդրոնին կողմէ` մտաւոր եւ արդիւնաբերական տեղական կարողականութեան կիրարկումով:
Իր Մահկանացուն Կնքեց Հայաստանի
Նկարիչներու Միութեան Ամէնէն Տարեց Անդամը
Հայաստանի նկարիչներու միութեան ամէնէն տարեց անդամը` Ելենա (Հեղինէ) Աբրահամեան իր մահկանացուն կնքեց: Նկարչուհին ծնած է 11 նոյեմբեր 1912-ին: Լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նկարիչներու միութեան «Կերպարուեստ» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Վրէժ Առաքելեան նշած է, որ` «Ե. Աբրահամեան, բացի սիրուած նկարիչ ըլլալէ, ան Հայաստանի վաստակաւոր մանկավարժ էր եւ դաստիարակած էր քանի մը սերունդ: Ան շատ բարձր վարկ ունէր իբրեւ դասաւանդող եւ մեծ համարում` մինչեւ հիմա», հաղորդած է Վ. Առաքելեան:
Ելենա Աբրահամեան իր կեանքի վերջին տարիներուն եւս շարունակած է ստեղծագործել, թէեւ` աւելի քիչ: Ան եղած է նաեւ Հայաստանի նկարիչներու միութեան նախագահ Կարէն Աղամեանի ուսուցիչը, որ յայտնած է, թէ` «ես բախտը ունեցած եմ իր աշակերտը ըլլալու եւ շատ բան սորված եմ անկէ»: Ան վկայելով` շեշտած է, որ Ելենա Աբրահամեան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է կերպարուեստին` ստեղծելով հոյակապ բնանկարներ:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան
Ամերիկայի Երիտասարդական Մարմինը Արցախի Մէջ
Կազմակերպած Է Ճամբար
Երկրորդ տարին ըլլալով` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական մարմինը Արցախի մէջ դպրոցականներու համար ճամբարներ հաստատեց անոնց ամառնային արձակուրդը եւ հանգիստը հետաքրքրական դարձնելու նպատակով:
ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան ափի երիտասարդական թեւի հովանաւորութեամբ վերջերս պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ ճամբարին, որուն մասնակցած էին 108 անձեր:
Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ այսպիսի ճամբարներու կազմակերպման:
Արդարեւ, Լեռնային Ղարաբաղի կրթութեան եւ գիտութեան փոխնախարար Սլաւա Ասրեան նշած է, թէ կարեւորը այն է, որ ճամբարին շնորհիւ մանուկները իրարու եւ սփիւռքահայերու հետ կապ կը հաստատեն: Փոքրիկները բաժնուած են երեք խումբերու` կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն: Բաւական կարեւոր բաժին տրուած է դաստիարակչական աշխատանքներուն, խաղերուն, հայրենասիրական դասերուն: Ճամբարի ընթացքին մանուկներուն պիտի ուսուցանուի նաեւ անգլերէն:
Պատրաստեց՝
ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ




