Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Վարժարանի Շրջանաւարտներու Նոր Փաղանգ Մը

Հոգեկան ցնծութեան միախառնուած յուզումի զգացումներով, չորեքշաբթի, 4 յուլիս 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճի միջնակարգի ամավերջի հանդէսը` նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Սուրէն Խանամիրեաններու:

Յաջողածի ուրախութեան եւ բաժնուողի տխրութեան զոյգ զգացումներով շրջանաւարտները դիմաւորուեցան ներկաներուն ծափողջոյններով, որմէ ետք ընթացք առաւ հանդիսութիւնը, որուն բացումը կատարուեցաւ Համաստեղի «Հայու ոգին» բանաստեղծութեան ասմունքով:

Գեղարուեստական յայտագրին մասնակցեցան նաեւ նախակրթարանի եւ միջնակարգի տարբեր դասարաններու աշակերտներ` «Հայոց աշխարհ» եւ «Սարերի հովին մեռնեմ» պարերով, արաբերէնով` «Մահապէ» եւ անգլերէնով «Տոնթ ֆորկեթ» եւ «Նեւըր սթափ լըռնինկ» արտասանութեամբ, մեներգով «Քելէ, քելէ»: Յետոյ տեղի ունեցաւ սահիկներու ցուցադրութիւն` շրջանաւարտներու առօրեայէն: Իսկ բաժնի եզրափակումը կատարեցին շրջանաւարտները` «Հրաժեշտի երգ»-ով: Սեւան Մկրտիչեան հայերէնով, Սթեֆանի Շորճեան արաբերէնով եւ Վանեսա Պարտաքճեան անգլերէնով արտասանեցին ուղերձները` անդրադառնալով դպրոցին մէջ իրենց անցուցած անմոռանալի տարիներուն, ինչպէս նաեւ` շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց տնօրէնին, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն:

Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն, եւ մրցանակներ ստացան Ա.-Թ. դասարաններու լաւագոյն միջիններ ապահոված աշակերտները, ինչպէս նաեւ տրուեցան յատուկ մրցանակներ, որոնց կարգին հայերէնի լաւագոյն միջին ապահոված «Սանդուխտ եւ Հայրապետ Խաչերեան» մրցանակը` Ռիթա Սարգիսեանին, գիտական նիւթերու «Ժագ Վէքիլեան» մրցանակը` դարձեալ Ռիթա Սարգիսեանին, Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ թաղականութեան մրցանակներ Ե., Զ., Է. եւ Ը. կարգերու առաջին հանդիսացողներուն` Արա Գունճեան, Կարօտ Պէլեան, Ռիթա Սարգիսեան եւ Մարիա Կրէյս Մաճարեան: Ծառայասէր աշակերտի մրցանակ ստացաւ Լոռի Վարդանեան, իսկ տիպար աշակերտի` Սինթիա Սընըքճեան, տրամադրուած խանամիրեանականներու միութեան կողմէ:

Ապա խօսք առաւ վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ հպարտութեամբ եւ ուրախութեամբ դիտել տուաւ, որ ցանուածը հնձելու, տարուած հաւաքական աշխատանքին արգասիքը քաղելու պահն է արդէն: Ան ըսաւ. «Շրջանաւարտներու նոր փաղանգ մը եւս կ՛աւելնայ հարիւրաւոր շրջանաւարտներու խումբին վրայ, շրջանաւարտներ, որոնք խանամիրեանականի իրենց դաստիարակութեամբ եւ ընթացքով այսօր պատիւ կը բերեն թէ՛ իրենց ընտանիքներուն, եւ թէ՛ իրենց ժողովուրդին»:

Ան անդրադարձ  կատարեց դպրոցին մէջ շրջանաւարտներուն անցուցած տպաւորիչ տարիներուն` ըսելով. «Տասնեակ մը եւ աւելի տարիներ միասնաբար անցուցիք այս քոլեճին մէջ: Տան չափ ժամանակ անցուցիք այս դասարաններուն մէջ: Սորվեցաք, դժգոհեցաք, ուրախացաք, բարկացաք, գանգատեցաք, երգեցիք ու պարեցիք, մասնակցեցաք պտոյտներու, խաղերու, մրցանքներու»: Միասնաբար կերտեցինք Խանամիրեան քոլեճի վերջին տասնամեակի պատմութիւնը: Եւ այսօր մեծ գոհունակութեամբ այս բեմին վրայ դուք կը ստանաք ձեր աշխատանքին արդիւնքը` ձեր վկայականը ոչ թէ իբրեւ աւարտ հանգրուանի մը, այլ իբրեւ մեկնակէտը` նոր հանգրուաններու, նոր հորիզոններու, նոր նուաճումներու»:

Նելլի Վէքիլեան խրատեց շրջանաւարտները, որ անոնք ըլլան երախտապարտ իրենց ծնողքին, դպրոցին, ուսուցիչներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կարելի դարձուցին իրենց ուսումը եւ նպաստեցին իրենց զարգացման:

Ան նաեւ անդրադարձաւ օտարացման յոռի դէպքերուն եւ պահանջեց շրջանաւարտներէն երբեք չմոռնալ իրենց ինքնութիւնը եւ գիտնան, որ հայութիւնն ու հայկականութիւնը միակ ամրոցներն են, ուր կրնան ամուր զգալ եւ գոյատեւել:

Իր խօսքի աւարտին Նելլի Վէքիլեան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարեկամներուն եւ բարերարներուն, որոնք այս տարի եւս թեւ ու թիկունք կանգնեցան Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարանին` նուիրելով 24,000 տոլար եւ վարժարանի մնայուն բարերարին` տէր եւ տիկին Սուրէն եւ Միրէյ Խանամիրեաններուն, որոնք իրենց կարգին նուիրեցին 10,000 տոլար:

Ապա տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, դպրոցի հիմնադիր Սուրէն Խանամիրեանի կնոջ` Միրէյ Խանամիրեանի եւ քոլեճի տնօրէն Նելլի Վէքիլեանի ձեռամբ:

Վկայականներ ստացան` Աղպոշեան Կարինէ,  Եագուպեան Տիանա, Ղազարոսեան Փաթրիք, Մարտիրոսեան Յակոբ, Մկրտիչեան Սեւան, Յակոբեան Յակոբ, Շատոյեան Կարինէ, Շորճեան Սթեֆանի, Պարտաքճեան Վանեսա, Վարդանեան Լոռի եւ Քեսթեքեան Էլի:

Աւարտին իր խօսքը արտասանեց Գեղամ արք. Խաչերեան` մէջբերելով երջանկայիշատակ Սահակ կաթողիկոսին խօսքը` «Յո՞ երթաս», ինք ալ իր կարգին աշակերտներուն ուղղեց խօսքը` ըսելով, որ քաջ պէտք է գիտակցին իրենց ուղին, թէ իրենք «ո՛ւր կ՛երթան»: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Լիբանանահայ բարերարներու նահապետ» Սուրէն Խանամիրեանին, նաեւ շնորհաւորեց շրջանաւարտները` կոչ ուղղելով անոնց յառաջանալու ինքնավստահ կերպով, նաեւ գնահատեց հայ դպրոցի գոյատեւման համար ջանք թափող իւրաքանչիւր անհատ:

Share this Article
CATEGORIES