ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՍԼՈՎԵՆԻԱՅԷՆ ԿԸ ՔՆՆԱԴԱՏԷ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԻԱՆ

Նախագահ Սարգսեան եւ Սլովենիոյ նախագահը

Սլովենիոյ նախագահ Տանիլօ Թյիրքի հրաւէրով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ Լիւպլիանա ժամանեց:

Հայաստանի նախագահի դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Տանիլօ Թյիրքի դռնփակ հանդիպումը, որուն յաջորդեց երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը:

Հայաստանի նախագահի մամլոյ գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ բանակցութիւններուն արդիւնքները յայտարարուած են Հայաստանի եւ Սլովենիոյ նախագահներուն միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:

Նախագահ Սարգսեան լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի իրականացուցած քայլերուն եւ մօտեցումներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշեց, թէ ինք բարի նախանձով հետեւեցաւ Տանիլօ Թյիրքի կատարած այն յայտարարութեան, որ Խրուաթիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն ունի ոչ միայն Խրուաթիոյ, այլեւ Սլովենիոյ եւ առհասարակ ամբողջ եւրոպական շրջանին համար: Ըստ անոր, գնահատելի է, որ երկու դրացի երկիրնեը յաջողած են իրենց խնդիրները լուծել քաղաքակիրթ եւ բանակցային ճամբով` հաշուի առնելով ընդհանուր շրջանային շահը:

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդգծեց, որ դժբախտաբար Հարաւային Կովկասի մէջ իրավիճակը քիչ մը տարբեր է: Ըստ անոր, Եւրոպական համարկումի ուղին փաստօրէն ոչ բոլորին պատկերացումով կը համընկնի խաղաղ, բարեկեցիկ, ազատ եւ անվտանգ զարգացման հետ: «Մեր անմիջական դրացին սխալ ըմբռնեց եւրոպական ուղին` եւրոպական շրջանը դիտելով միայն իբրեւ քարիւղի եւ կազի համար յարմար շուկայ: Իրօք զաւեշտական է, երբ եւրոպական ուղին որդեգրած մեր դրացին կը սպառնայ հարուածել հայկական քաղաքացիական օդանաւերը, օրական ռազմատենչ քարոզչութիւն կ՛իրականացնէ եւ կը սպառնայ ղարաբաղեան հարցը պատերազմով լուծել», նշեց Սերժ Սարգսեան:

Ան յայտնեց, որ միւս դրացին` Թուրքիան, որ դարձեալ կը ձգտի դէպի Եւրոպա, չ՛ուզեր բանալ Հայաստանի սահմանը, թէեւ միջազգային պարտաւորութիւն ստանձնած է: Ան հարց տուաւ, որ արդեօք Հայաստանի դրացիները անտեղեա՞կ են, որ Եւրոպայի արժեհամակարգի առանցքը ազատ տեղաշարժն է: Ըստ անոր, այս ամէնով հանդերձ` շրջանային ոչ մէկ  զարգացում չի կրնար Հայաստանը հրաժարիլ տալ իր ընտրած ուղիէն: Ան շեշտեց, որ Հայաստան հաստատակամ է ընդլայնելու համագործակցութիւնը Եւրոպական Միութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն հետ, յատկապէս` Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ:

Սլովենիոյ նախագահը թէեւ դրական նկատեց Հայաստանի հետ Եւրոպական Միութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութիւնը, սակայն նշեց, որ այսօր անհրաժեշտ է ջանքեր գործադրել Հայաստանի եւ Սլովենիոյ միջեւ զարգացնելու համար ներկայ համեստ ապրանքաշրջանառութիւնը, բանակցութիւններ սկսիլ տնտեսական մարզին մէջ եւ ներդրումներ իրականացնել:

Ան նաեւ նշեց, որ Սլովենիա կը սատարէ Մինսքի խմբակի ջանքերուն` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման գործին մէջ, մանաւանդ որ անիկա տագնապներէն ամէնէն երկարատեւներէն է Եւրոպայի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES