Ժոմպլաթ Պատշաճ Կը Նկատէ Սուրիացի Գաղթականներուն Համար Գաղթակայաններու Կառուցումը
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ խստիւ դատապարտեց Թրէյմսայի մէջ կատարուած սպանդը` շեշտելով, որ սուրիական վարչակարգը հետզհետէ աւելի կը փաստէ իր ոճրագործ իրականութիւնը:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ անհրաժեշտ նկատեց, որ Լիբանան ժամանող սուրիացի գաղթականներուն համար գաղթակայաններ կառուցուին: Ան յայտնեց, որ գաղթակայաններ հիմնելու նախաձեռնութիւն մը աւելի պատշաճ պիտի ըլլայ, հակառակ Լիբանանի որդեգրած չէզոք քաղաքականութեան:
Նշենք, որ Ժոմպլաթ դրուատեց շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի սպանութեան պատասխանատու լիբանանցի զինուորները դարձեալ բանտարկելու որոշումը` զայն նկատելով որդեգրուած ճիշդ քայլ մը` այդ հարցին լուծման շրջագիծին մէջ:
CATEGORIES Լիբանանեան

