Զօրակցական Ցոյց` Լիբանանեան Բանակին

Ցուցարարները` թանգարանի շրջանին մէջ

Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան հրաւէրով, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-էն սկսեալ հարիւրաւոր երիտասարդներ ուղղուեցան Թանգարանի շրջան, ուրկէ անոնք ուղղուեցան դէպի զինուորական ատեանի կեդրոնատեղին` առ ի զօրակցութիւնը Քուէյխաթի դէպքին պատճառով բանտարկուած զինուորներուն:

Ազգային ազատ հոսանքին կազմակերպած ցոյցին ընդառաջող քաղաքացիները Թանգարանի մէջ գտնուող Անյայտ զինուորի յուշարձանէն սկսան իրենց քայլարշաւը` իրենց հետ ունենալով Լիբանանի, լիբանանեան բանակի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դրօշներ:

Ցուցարարները զօրակցական կարգախօսներ բացագանչեցին` առանց ճամբաները փակելու կամ անիւներ հրկիզելու:

Ցուցարարներուն ապահովութեան հսկեցին բանակն ու ներքին ապահովութեան ուժերը:

Յայտնենք, որ երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ լիբանանեան բանակին զօրակցող երիտասարդներ փակեցին Հազմիէի եւ Պաապտայի ճամբաները: Իսկ Նահր Մոթի մէջ ցուցարարներ երկու ուղղութեամբ հրկիզուած անիւներով փակեցին մայրուղին եւ բանակին հետ բանակցութիւններէ ետք ժամը 10:00-էն սկսեալ վերաբացին զայն:

Share this Article
CATEGORIES