Ուժանիւթի Նախարարութեան Կեդրոնին Մէջ Ընդարձակ Նիստ
Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Շաքիպ Քըրթպաուին եւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, ինչպէս նաեւ Ելեկտրականութեան ընկերութեան տնօրէն խորհուրդի նախագահ Քամալ Հայեքն ու ընկերութեան լիբանանեան տարբեր շրջաններու տնօրէնները:
Նիստէն ետք Քըրթպաուի մեկնեցաւ նշելով, որ իւրաքանչիւրը պէտք է ստանձնէ իր պատասխանատուութիւնները, իսկ Շարպել մեկնեցաւ մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Նախարար Պասիլ Հայեքի եւ մնացեալ տնօրէններուն հետ քննարկեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն թղթածրարը եւ սարակներուն վրայ նախանցեալ երեկոյեան գործուած յարձակումն ու քարկոծումը:
Ժամեր տեւած հանդիպումէն ետք Հայեք յայտնեց, որ իրենք նախարարները տեղեակ պահած են, թէ իրենք պատասխանատու չեն արձանագրուելիք որեւէ վնասի: «Ստացագիրներ կրնային կորսուիլ, դրամը կրնայ անհետանալ եւ փաստաթուղթեր կրնան փճանալ: Մենք նախարարներէն պահանջեցինք պահպանել Ելեկտրականութեան ընկերութեան գոյքերը եւ անոր պաշտօնէութեան արժանապատուութիւնը», ըսաւ ան:
Հայեք յայտնեց, որ ներքին գործոց նախարարը 48 ժամուան պայմանաժամ խնդրած է` համապատասխան միջոցառումներուն դիմելու` լուծելու համար տիրող կացութիւնը:
Ան նկատել տուաւ, որ իրենք իրենց կարգին պիտի որդեգրեն շարք մը միջոցառումներ, որպէսզի կարելի ըլլայ լուծել Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմագրաւած հարցերը:


