«Կարգ Մը Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Բանակին Դէմ Յետին Նպատակներ Կը Հետապնդեն» Շեշտեց Բանակի Հրամանատարութիւնը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային բազմաթիւ կարիքներուն եւ հարցերուն կողքին, կարգ մը երեսփոխաններ եւ քաղաքական պատասխանատուներ կը շարունակեն լիբանանեան բանակին դէմ լարուածութիւն հրահրել, զայն վարկաբեկել եւ իրենց յետին նպատակներով բանակը թիրախ դարձնել:

Հաղորդագրութիւնը նշեց, որ յատկապէս Քուէյխաթի միջադէպին առումով որդեգրուած կեցուածքները ցոյց կու տան, թէ մարդիկ յետին նպատակներ կը հետապնդեն բանակին դէմ եւ կը փափաքին իրարանցում ստեղծել ու հարուածել երկրին ապահովական ընդհանուր կայունութիւնը:

Բանակին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ սխալ տեղեկութիւններ կը փոխանցեն բանակին եւ անոր դիրքաւորումներուն մասին, ինչպէս նաեւ կ՛անդրադառնան ապահովական այնպիսի բացթողումներու, որոնք կը սպառնան երկրին քաղաքացիական անվտանգութեան եւ դատական առողջ հետաքննութիւններու կատարման:

Բանակի հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը օրէնքին ենթակայ է, այս կամ այն խմբաւորումին ցանկութեան չ՛ենթարկուիր եւ ընտրական կամ քաղաքական շահեր չի հետապնդեր, ընդհակառակն` ան կը պահպանէ երկրին կարգն ու կանոնը, ինչպէս նաեւ կը ջանայ ապահովել Լիբանանի գերագոյն շահերն ու լիբանանցիներուն իրաւունքները:

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ ան կը պահէ դատական հարց յարուցելու իրաւունքը` զինուորներուն արժանապատուութիւնը թիրախ դարձնելու պարագային:

Բանակին հրամանատարութիւնը կոչ ուղղեց լրատուամիջոցներուն գործակցելու իրեն հետ` ճշգրիտ տեղեկութիւնները ստանալու համար:

Բանակը կոչ ուղղեց երկրին պատասխանատուներուն ազգային պատասխանատուութիւն եւ գիտակցութիւն ցուցաբերելու` այս զգայուն հանգրուանին ընթացքին: Հաղորդագրութիւնը կոչ ուղղեց բանակին զօրակցող կողմերուն վերջ տալու իրենց քայլերուն` նստացոյցերուն եւ ճամբաները փակելու նախաձեռնութեան, որ միայն կը վնասէ քաղաքացիներուն:

«Լիբանանեան բանակը, իր աւանդական ոճին համաձայն, լուռ պիտի գործէ եւ ամբողջ զոհողութիւններուն պատրաստակամութեամբ պիտի աշխատի` պահպանելով երկրին եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն շահերը, զորս գերագոյն շահեր կը նկատէ», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES