Նախագահ Սլէյման Կ՛այցելէ Թուրքիա. Սուրիոյ Մէջ Առեւանգուած 11 Լիբանանցիներէն Երկուքը Ազատ Արձակելու Խոստում
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ մեկնեցաւ Թուրքիա` հետապնդելու համար Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու բանակցութիւնները:
Նախագահ Սլէյմանի ընկերակցեցաւ փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել:
Նախագահ Սլէյման Պոլսոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլի եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Կիւլի հետ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային իրադարձութիւններուն ու «Արաբական գարնան» զարգացումները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիներուն թղթածրարը:
Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական, մշակութային, առեւտրական եւ տնտեսական գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ զինուորական համաձայնագիրները գործադրելու կարելիութիւնները, յատկապէս լիբանանեան եւ թրքական բանակներուն միջեւ գործակցութեան առումով:
Կիւլ անդրադարձաւ նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող թրքական ուժերուն առաքելութիւնը մէկ տարիով երկարաձգելու թրքական իշխանութիւններուն տուած որոշումին:
Նախագահ Սլէյման շնորհակալութիւն յայտնեց հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն գործունէութեան մասնակից թրքական զօրամասին ջանքերուն համար: Ան շեշտեց նաեւ, որ Լիբանանի եւ Թուրքիոյ միջեւ փոխադարձ գործակցութիւն կայ միջազգային բոլոր կազմակերպութիւններուն մէջ:
Սուրիոյ տագնապին քննարկման շրջագիծին մէջ, նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ այդ տագնապին խաղաղ լուծում մը գտնուի` դադրեցնելով բռնարարքները:
Նախագահ Սլէյման եւ Կիւլ շեշտեցին Սուրիոյ տագնապին արտաքին ոչ մէկ միջամտութիւն կատարելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ այդ տագնապին բարւօք լուծում ապահովել եւ սուրիացի գաղթականները տուն վերադարձնել:
Նախագահ Սլէյման ընդգծեց, որ շրջանին մէջ ժողովրդավարութիւնը կարելի կ՛ըլլայ հաստատել, երբ Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցուի` Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութիւնը գործադրելու առումով:
Նախագահ Սլէյման մաղթեց, որ շրջանին մէջ որեւէ լուծում Լիբանանի հաշուոյն չըլլայ եւ չաւարտի Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումով:
Նախագահ Սլէյման անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն եւ զանոնք ազատ արձակելու Թուրքիոյ դերակատարութեան: Այս ծիրին մէջ Կիւլ հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` լուծելու համար այդ հարցը: Ան նախագահ Սլէյմանին յայտնեց նաեւ, որ առեւանգուած քաղաքացիները ողջ առողջ են` շեշտելով, որ Թուրքիա յանձնառու կը մնայ այդ հարցին դրական լուծում մը ապահովելու իր խոստումին:
Հանդիպումէն ետք, Թուրքիոյ նախագահը լիբանանցի իր պաշտօնակիցին ի պատիւ ճաշկերոյթ մը սարքեց:
Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու:
Քննարկուեցան լիբանանեան-թրքական յարաբերութիւնները:
Երեկոյեան նախագահ Սլէյման վերադարձաւ Պէյրութ:
Միւս կողմէ, «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը ցուցադրեց ժապաւէն մը, որուն մէջ երեւցան Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները: Առեւանգողները յայտնեցին, որ իրենք ազատ պիտի արձակեն իրենց հիւրերէն միայն երկուքը` ընդառաջելով Իսլամ կրօնաւորներու լիկայի խնդրանքին: Առեւանգողները հաստատեցին, որ իրենք ոչ մէկ համայնքի հետ հարց ունին` աւելցնելով, որ իրենք կը ջանան սուրիացի ժողովուրդին ազատութիւնը ապահովել:
Անդրադառնալով այս լուրին` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ կարելի չէ բան մը հաստատել առեւանգուած լիբանանցիներուն ազատ արձակումին մասին` աւելցնելով, որ թրքական իշխանութիւնները ոչ մէկ ստոյգ տեղեկութիւն ստացած են առեւանգուած լիբանանցիներէն երկուքը ազատ արձակելու մասին:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շեշտեց, որ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու պարագային, առեւանգող կողմը Թուրքիոյ պիտի յանձնէ առեւանգուածները եւ թրքական իշխանութիւնները Լիբանանի պիտի յանձնեն զանոնք: Անոնք կասկածի տակ առին այն տեղեկութիւնները, թէ ազատ արձակուելիք երկու առեւանգեալները յանձնուած են Քաթարի գաղտնի սպասարկութեան պետին:


