Ակնարկ. Քրտական Եւ Ռուսական Գործօններու Թրքական Հաշուարկներ

Իրաքի կողմէ Թուրքիոյ դիմաց օդային տարածք փակելու որոշումը կը կապուի տարբեր հանգամանքներու հետ: Բայց երբ կը հաղորդուի, որ Էրպիլ-Պոլիս կամ Էրպիլ-Անթալիա թռիչքներն են, որոնք առկախուած են, յստակօրէն խնդիրը կը կապուի ուղղակի քրտական գործօնին:

Թուրքիոյ տարածքին քիւրտ ապստամբներու ծաւալած շարժումները վերստին լուսարձակի տակ եկած էին: Այժմ կանխազգուշացման քայլի կը դիմուի քրտական կողմէն փակելու` Թուրքիոյ դիմաց օդային տարածքը: Նման որոշում մը կրնայ ժամանակաւոր ըլլալ, մինչեւ որ իրավիճակը վերահանդարտեցնելու համապատասխան միջոցառումներու դիմուի: Ոչ պաշտօնական մեկնաբանութիւնները տարաբնոյթ են: Մինչ թրքական լրատուամիջոցները Էրպիլէն Թուրքիա հասնող քարիւղի ծրագիրին նկատմամբ Պաղտատի անհամաձայնութեան կը վերագրեն պատահածը, Իրաքի օդանաւային իշխանութիւնները կը խօսին վերահսկողական սարքերու խանգարման մասին: Ասոր դիմաց,  թրքական կողմը կ՛առարկէ, որ այդ պարագային ինչո՞ւ միայն դէպի Թուրքիա եւ դէպի Սէուտական Արաբիա առկախուած են թռիչքները: Աւելի ուշ, Իրաքի վարչապետը, առանց ակնարկութիւն ընելու օդային տարածքի փակումին, կը յայտնէր, որ Իրաքը չի կրնար ձեռնածալ մնալ իր երկրի հիւսիսային տարածքին նկատմամբ գործադրուող օդանաւային յարձակումներուն դիմաց:

Խնդիրը որոշ ծխածածկոյթի տակ է եւ որոշ ժամանակ պէտք է ճշգրիտ հետեւութիւններ կատարելու համար:

Փորձենք տեսնել սակայն, թէ այլ ուղղութիւններու վրայ ի՞նչ իրադրութիւններ կ՛արձանագրուին, որոնք Անգարայի վարիչներուն կիրարկած քաղաքականութեան հետ ուղղակի-անուղղակի կապ կրնան ունենալ: Արեւմտեան լրատուամեքենան յստակ ճիգի մէջ է միջնորդական եւ դիտորդական առաքելութեան ժամկէտի աւարտի նախօրեակին համոզելու, որ Սուրիոյ գործող իշխանութիւններուն նկատմամբ օղակը առաւելագոյնս սեղմուած է արդէն, թէ հակաիշխանութիւն ուժերը արդէն իսկ կը վերահսկեն մայրաքաղաքի կարգ մը թաղամասերը:

Բոլոր երեւոյթներն ու նախադրեալները կը համոզեն, որ խնդիրը արդէն վաղուց դուրս եկած է Սուրիոյ սահմաններէն, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքական թէ ռազմական ընդհարումներու սահմաններէն եւ ստացած` ոչ միայն շրջանային տարողութիւն, այլ յայտնուած աշխարհաքաղաքական օրակարգի վրայ:

Այսպէս. Մոսկուան, յայտնապէս միջինարեւելեան իր ռազմակայանը կը սեպէ Սուրիան, ուր գործող վարչակարգի տապալումը կը համարէ իր ձախողութիւնը կամ իր սեփական դիրքերէն զիջումը: Մէկ կողմէ ռուսական ռազմանաւերը կը մօտենան սուրիական ծովափ, միւս կողմէ ՕԹԱՆ-ը կը յայտարարէ, որ համապատասխան վերահսկողութիւն սաստկացուցած է ռուսական նաւերուն նկատմամբ: Խնդիրը ուրեմն, արաբական աշխարհի սահմաններէն  անդին անցած է  եւ ուղղակիօրէն առնչուած` ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին, ՕԹԱՆ-ին, Ռուսիոյ:

Վերադառնանք Թուրքիոյ. վարչապետ Էրտողան շուտով կը հասնի Մոսկուա: Նախատեսութիւնները այն են, որ  ան լուծման առաջարկ պիտի ներկայացնէ Քրեմլինին: Սուրիոյ նկատմամբ թրքական կեցուածքները որոշ ելեւէջներէ կ՛անցնին: Թրքական զինուորական համակարգին եւ քաղաքական թեւին միջեւ կը ցուցադրուի որոշ հակասութիւն: Այս մէկը այնքան էական կրնայ չըլլալ, որքան ՕԹԱՆ-ի անդամ Թուրքիոյ կատարած հաշուարկը ռուսական գործօնին նկատմամբ: Տաւութօղլուի ձախողած ըլլալու յայտարարութիւնը, թրքական զօրքերու սահմանային անհետեւանք կուտակումները, թրքական օդանաւի կործանման առիթով կատարուած հերքումները ճակատէն մէկ քայլ ետեւ քաշուելու երեւոյթներ են: Կարեւոր է, թէ ի՞նչ առաջարկ պիտի կատարէ վարչապետ Էրտողանը Մոսկուայի վարիչներուն:

Թուրքիոյ տարածքին վերստին գլուխ ցցած քրտական դրսեւորումները, հիմա ալ Էրպիլի հետ օդային տարածքի փակումը (թէկուզ ժամանակաւոր) խնդիրներ են, որոնք ռուսականին առընթեր քրտական գործօնին հետ հաշուի նստելու կը մղեն Անգարայի պատասխանատուները: Ի վերջոյ գարնանային նորաձեւ հովերը դատապարտուած չեն սահմանափակուած մնալու արաբական երկինքներու վրայ:

«Ա.»

Share this Article
CATEGORIES