50 Տարի Առաջ ( 19 Յուլիս 1962 )
Պատանեկան
«Ազատամարտ» Պատանեկան Միութեան
Պասքեթպոլի Մրցաշարքը
Շաբաթ եւ կիրակի, 7 եւ 8 յուլիսի երեկոները խանդավառութեան եւ վայելքի պահեր եղան Էշրեֆիէի հայ հասարակութեան համար, ժամը 6:00-էն մինչեւ ուշ գիշեր:
«Ազատամարտ» պատանեկան միութեան կազմակերպած միջպատանեկան պասքեթպոլի մրցաշարքը, հովանաւորութեամբ Կեդրոնական կոմիտէին, եկաւ հաստատել, որ «Ազատամարտ»-ի տղաքը իրապէս գեղեցիկին եւ կարգապահութեան ըմբռնումը ունին եւ կատարեալին ձգտումը խորապէս արմատացած է իրենց մէջ: Շաբաթ երեկոն յատկացուած էր երկրորդական կամ կրտսեր խումբերուն: «Քրիստափոր», «Ռոստոմ», «Զաւարեան», «Խանասոր», «Մուրատ», Բ., «Բաբգէն Սիւնի» Բ. եւ «Ազատամարտ» Բ.:
Պայքարը բուռն է դաշտին վրայ, բայց հակառակորդներ չեն ճակատողները:
Հինգ յաջորդական խաղերէ ետք, որոնց ընթացքին գրեթէ մէկական կէտի տարբերութեամբ արդիւնքներ արձանագրուեցան, աւարտականի մնացին «Ռոստոմ» եւ «Խանասոր»:
Շաբաթ օրուան արդիւնքները.- Ա. խաղ` «Ռոստոմ» կը յաղթէ «Քրիստափոր»-ի 23-16: Բ. խաղ.- «Ազատամարտ»` «Զաւարեան»-ի 15-8: Գ. խաղ` «Խանասոր»` «Մուրատ»-ի 13-7, Դ. խաղ` «Ռոստոմ»` «Բաբգէն Սիւնի»-ի 9-8, Ե. խաղ` «Խանասոր» կը յաղթէ «Ազատամարտ»-ի` 21-20:
Կիրակի, ժամը վեց: Դաշտը արդէն լեցուն է: Դաշտին ճակատի կողմը, սեղան մը` վրան եռագոյնով ծածկուած եւ երկու բաժակներ: Ամէն մարդ սպասողական դիրքի մէջ է: Խաղը կը սկսի «Բաբգէն Սիւնի»-«Մուրատ»: Պայքարը բուռն է թէեւ, բայց հազիւ քառորդ ժամ անցած, խաղին ելքը որոշ է արդէն: Բայց` ոչ մէկ ընկրկում ոչ մէկ յուսահատութիւն: Բաբգէն Սիւնի յաղթական, Մուրատ` ուրախ անոր յաղթանակով: Արդիւնք 35-19 Պէտք է յիշել, թէ Մուրատի լաւագոյն խաղացողը Հրայր, կը բացակայէր:
ՀՄԸՄ Ժիւնիէ-Ազատամարտ: Յաղթողը օրուան հաւանական ախոյեանն է: Ուրեմն առաջին վայրկեանէն իսկ պէտք է գերակայութիւն հաստատել: Ոչ մէկը տեղի կու տայ, եւ կիսախաղին տակաւին արդիւնքը անորոշ է Ազատամարտի թեթեւ առաւելութեամբը:
Բ. կիսախաղին աւելի ճիգ, աւելի վճռականութիւն: «Ազատամարտ» հետզհետէ կը զօրանայ եւ ինքզինք կը պարտադրէ: ՀՄԸՄ-ի բոլոր փորձերը` հաւասարելու, կը մնան ապարդիւն եւ խաղը կը վերջանայ Ազատամարտի փայլուն յաղթանակով 46-19:
Կրտսերներու աւարտական խաղն է: Երկու կողմերուն ալ աչքը կը շլանայ բաժակի ցոլքերէն, սակայն ի վերջոյ Ռոստոմ կը տիրանայ անոր 34-29, պարտադրելով ինքզինք: Վերջին խաղն է «Բաբգէն Սիւնի»-«Ազատամարտ»: Առաջին վայրկեաններուն «Բաբգէն Սիւնի» թեթեւ առաւելութիւն մը կ՛արձանագրէ Հրայրին միջոցով, սակայն շատ չանցած` «Ազատամարտ»-ի տղաքը կը հաւասարին ու կը տիրապետեն դաշտին: Սահակ, իր վիրաւոր վիճակով սիւնն էր իր խումբին: Մանաս եւ Սթիվ արթուն պահակները` իրենց «կողովին»: Միւս խաղացողները` Անդրանիկ, Վարդիվառ, Պետօ եւ Գօգօ հաւասարապէս արձանագործները` յաղթանակի արձանին:
Կիսախաղին «Ազատամարտ» պատանեկան միութեան վարիչ Պետրոս Փելթեքեան շնորհակալութիւն կը յայտնէ ներկաներուն իրենց քաջալերանքին համար, թաղական խորհուրդին` պատանեկան շարժումը քաջալերելուն եւ դպրոցին` դաշտը պատանեկան միութեան տրամադրելնուն համար եւ Ներսէս Իզճեանին, որ յօժարակամ պատանեկան միութեան կը նուիրէ բոլոր մրցաշարքերուն բաժակները:
Բ. կիսախաղին խումբերը հաւասար խաղարկութիւն մը կը ցուցադրեն: «Բաբգէն Սիւնի» կը ջանայ կէտերու տարբերութիւնը նուազեցնել, բայց Ազատամարտի տղաքը միշտ արթուն` կը հակադարձեն: Քանի մը վտանգաւոր վայրկեաններ անցնելէ ետք «Ազատամարտ» ընդհանուր խանդավառութեան մէջ կը տիրանայ խաղին 50-40 արդիւնքով:
«Բաբգէն Սիւնի»-ի լաւագոյն խաղացողները եղան Գօգօ եւ Օննիկ:
ԹՂԹԱԿԻՑ

