Հայաստանի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը` Աշխարհի 79-րդ Դիրքին Վրայ

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ ըստ Ֆութպոլի պատմութեան եւ վիճակագրութեան միջազգային ֆետերասիոնին (IFFHS), Հայաստանի ֆութպոլի դասաւորման մէջ կը գրաւէ 79-րդ դիրքը:

Վրաստան կը գտնուի 66-րդ դիրքին վրայ, իսկ Ազրպէյճան` 111-րդ:

Աշխարհի ամէնէն զօրաւորը կը հանդիսանայ Սպանիոյ «Լա Լիկա»-ն:

Անոր ետին յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը կը գրաւեն Արժանթինի եւ Պրազիլի ախոյեանութիւնները:

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ը կը գրաւէ չորրորդ դիրքը, իսկ Իտալիոյ «Քալչիօ»-ն` հինգերորդ դիրքը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES