Մանչեսթըր Եունայթըտ` Դարձեալ Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Ակումբը

«Ֆորպս» ընկերութեան հրապարակած աշխարհի ամէնէն հարուստ ակումբներու նոր դասաւորման մէջ «Կարմիր սատանաներու» խումբը` Մանչեսթըր Եունայթըտ, դարձեալ հանդիսացաւ առաջին:

19 անգամ Անգլիոյ ախոյեան հանդիսացած Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ կը պատրաստուի գրաւելու առաջին դիրքը` «Նիւ Եորք Սթոք Էքսչէյնճ»-ին մէջ, գնահատուեցաւ 2,23 միլիառ ամերիկեան տոլարով:

Անոր ետին երկրորդ դիրքը կը գրաւէ Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտ, իսկ երրորդ դիրքը` Նիւ Եորք Եանքիզ:

Անգլիական կազմերէն Արսենալ երեք դիրք նահանջելով այժմ կը գրաւէ 10-րդ դիրքը:

Նշենք, որ նախորդ տարի Մանչեսթըր Եունայթըտ կը գնահատուէր 1,86 միլիառ ամերիկեան տոլարով:

 

Share this Article
CATEGORIES