«Հայաստանի Սամպիստները Աշխարհի Մէջ Մեծ Հեղինակութիւն Կը Վայելեն» Կ՛ըսէ Ռուտման

«Արմենպրես» լրատու գործակալութենէն կը տեղեկանանք, որ Սամպոյի միջազգային ֆետերասիոնի պատուոյ նախագահ Տէյվիտ Ռուտման իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսած է, որ Հայաստանի սամպիստները աշխարհի մէջ մեծ հեղինակութիւն կը վայելեն:

Ան ըսած է, որ մեծերու, երիտասարդներու եւ պատանիներու մրցումներուն Հայաստանի սամպիստները միայն մէկ առիթով չէ, որ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեանի կոչումներու եւ մետալներու տիրացած են, այլ` միշտ: Ինչ կը վերաբերի փոքրերու սամպոյին, ան ըսած է, որ այդ կէտին շուրջ պէտք է յաւելեալ աշխատանք տանիլ` նորեր պատրաստելու համար:

Իր խօսքը շարունակելով` ան ըսած է, որ Սամպոյի միջազգային ֆետերասիոնը ամէն աշխատանք կը տանի եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի այս մարզաձեւը եւս մուտք գործէ ողիմպիական խաղերուն մէջ:

Այս նպատակը իրագործելու պարագային Հայաստան պիտի ունենայ Ողիմպիականի բազմաթիւ ախոյեաններ եւ մետալակիրներ:

Նշենք, որ Ռուտման Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծած է սամպոյի ակումբ մը: Բայց անոր յաճախորդները նախկին Խորհրդային Միութենէն Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած մարզիկներ են եւ ոչ թէ ամերիկացի` նկատի ունենալով, որ այս մարզաձեւը այդքան ալ սիրուած մարզաձեւ մը չէ ամերիկացիներուն կողմէ:

 

Share this Article
CATEGORIES