Լոնտոն-2012. Ողիմպիական Խաղերուն Մասնակցողները Սկսան Ժամանել Անգլիա

Իր լուրը քաղելով Մարզական լրագրողներու միջազգային ֆետերասիոնէն` «Արմենպրես» լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ 16 յուլիսէն սկսեալ Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոն սկսած են ժամանել 2012-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցող խումբերը, որոնց կարգին` Միացեալ Նահանգներ եւ Աւստրալիա:

Ողիմպիական խաղերուն կազմակերպիչները յայտնեցին, որ 27 յուլիսէն մինչեւ 12 օգոստոս Լոնտոնի «Հիթրու» օդակայանը պիտի ընդունի շուրջ երկու հարիւր հազար մասնակցողներ եւ հիւրեր:

 

Share this Article
CATEGORIES