Քուէյթէն Ընտանիք Մը Գնեց Նոթինկհամ Ֆորեսթը

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ակնկալուածին նման Քուէյթէն ընտանիք մը գնեց երկու անգամ Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքի տիտղոսին տիրացած անգլիական Նոթինկհամ Ֆորեսթ ակումբը, որ այժմ մաս կը կազմէ Բ. դասակարգին:

«Սիթի Կրաունտ»-ի դաշտին մէջ նախորդ շաբաթավերջին յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով` Ֆաուազ, Ապտիւլ Ազիզ եւ Օմար Հասաուի յայտարարեցին, որ պաշտօնապէս դարձան Նոթինկհամ Ֆորեսթի սեփականատէրերը:

Անցեալին իբրեւ բաւական հանրածանօթ ակումբ ճանչցուած Նոթինկհամ Ֆորեսթ այն ութ ակումբներէն մէկն է, որ Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին տիտղոսը պահեց իր մօտ, երբ 1980-ին երկրորդ անգամն ըլլալով տիրացաւ անոր:

Նշենք, որ անիկա 1999-ին Ա. դասակարգ փոխադրուելէ ետք չէ կրցած բարձրանալ փրեմիեր լիկ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES