Թիակօ Պաշտօնապէս Դարձաւ Փարիզ Սեն Ժերմենի Մարզիկ
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան խումբերէն Փարիզ Սեն Ժերմեն նախորդ շաբաթավերջին մամլոյ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով պաշտօնապէս յայտարարեց, որ պրազիլցի կեդրոնի յետսապահ Թիակօ Սիլվա Ա. Սէ. Միլանէն միացաւ իրենց կազմին` հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրելով ակումբին տոմարներուն վրայ:
27 տարեկան Թիակօ, որ կը նկատուի աշխարհի լաւագոյն յետսապահներէն մէկը, 2008-ին Ֆլումինեսէէն միացաւ Ա. Սէ. Միլանի:
Թէեւ մայրաքաղաքին կազմը ոչինչ ըսաւ, թէ անոր փոխանցման համար որքա՛ն վճարեց, սակայն ըստ ֆրանսական մամուլին, անոր փոխանցումը արժեց 40-45 միլիոն եւրօ:
Նշենք, որ արժանթինցի յառաջապահ Էզեքուիյել Լաւեցիէն ետք (Նափոլիէն) ան կը դառնայ երկրորդ նորեկը, որ այս ամիս կը միանայ Սեն Ժերմենի:
CATEGORIES Մարզական

