Քափելլօ Նշանակուեցաւ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ
Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին մարզիչ, իտալացի Ֆապիօ Քափելլօ յաջորդեց հոլանտացի Տիք Ատվոքաթի, այսպիսով նշանակուելով իբրեւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ:
«Որոշեցինք Ֆապիօ Քափելլոյի վստահիլ Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչի պաշտօնը: Յառաջիկայ քանի մը օրերուն ընթացքին կ՛ակնկալենք անոր Մոսկուա ժամանումը, որպէսզի յաւելեալ մանրամասնութիւններ հրապարակենք, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ անոր ստորագրութիւնը` մեր տոմարներուն վրայ», ըսաւ Նիքիթա Սիմոնեան, որ այժմ ժամանակաւորապէս կը վարէ Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը:
Ըստ ռուսական մամուլին, կը կարծուի, որ 66 տարեկան Քափելլօ, որ մինչեւ 2014-ի Մոնտիալը պայմանագրութիւն մը պիտի ստորագրէ, շատ հաւանաբար տարեկան գանձէ 10 միլիոն եւրօ:


