Պաղեստինցիք Երկփեղկուած` Սպանութեան Եւ «Ժազիրայի Դաւ»-ին Միջեւ
ՖԱՏԻ ԱՊՈՒ ՍԱԱՏԱ
«Ախպար»
«Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայայնին կատարած ու պատկերասփռած այդ լրատուական հետաքննութիւնը իրարանցումի մատնեց եւ հակազդելու մղեց թէ՛ իսրայէլեան, թէ՛ ալ պաղեստինեան պետական անձնաւորութիւններ: Եթէ պաշտօնական մակարդակի վրայ հակազդեցութիւնները նախատեսելի եւ հասկնալի էին, ապա անակնկալը պաղեստինցի ժողովուրդին մեծամասնութեան մօտեցումն էր, թէ «ի՞նչ բան սպաննեց Արաֆաթը» խորագրեալ այդ լրատուական հետաքննութեամբ քաթարեան պատկերասփիւռի կայանը խորքին մէջ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ:
«Ինչո՞ւ Ժազիրա»-ն. ինչո՞ւ որոշեցին ֆինանսաւորել այդ վիթխարի հետաքննութիւնը. ինչո՞ւ Սուհա Արաֆաթ անակնկալօրէն ստուերէն վերադարձաւ լուսարձակի կեդրոն եւ հոն կը խօսի արաբ նախագահներու տապալումին մասին. արդեօ՞ք քաթարեան կայանը կը փորձէ վերագտնել պաղեստինցիներուն վստահութիւնը, թէ՞ անոր նպատակը Իսրայէլը անմեղ հռչակելն է. ինչո՞ւ սալաֆականներու ծայրայեղ եւ անուանի իմամ Քարատաուիի ֆաթուան պատրաստ էր եւ սփռուեցաւ հաղորդումէն անմիջապէս ետք…» այսպիսի հարցումներ երկփեղկեցին պաղեստինեան «փողոց»-ը, այսինքն` հասարակ ժողովուրդը, եւ բազմաթիւ պատճառներ կան այդ երկփեղկումին ետին:
Ռամալլայի Ահմետը կ՛ըսէ. «Քանի որ «Ժազիրա»-ն է, որ կատարեց եւ սփռեց հետաքննութիւնը, ոմանք ինքնաբերաբար անոր վրայ (բանաւոր) պիտի յարձակին եւ քննադատեն, իսկ եթէ «Արապիա»-ն կամ «Պի. Պի. Սի.»-ն ըլլային, ապա բարեւի պիտի կենային եւ պատուի պիտի առնէին. ասոր կողքին, «Ժազիրա»-ի հետաքննութիւնը ոչ ոքի ամբաստանութիւն ուղղեց, ոչ մէկ կողմ մեղադրեց, այլ պարզապէս նոր ապացոյցներ յայտնաբերեց. ալ ի՞նչ հարկ կայ այս յարձակումներուն, տողատակի պատգամներու որոնումին եւ վերլուծումներուն»:
Մահմուտը համաձայն չէ այս տեսակէտին. ան կ՛ըսէ, որ «Ժազիրա»-ի հետաքննութեան հետապնդած առաջին նպատակը Իսրայէլը անմեղ հռչակելն է Արաֆաթը սպաննելու ամբաստանութենէն, ապա` անմեղ հռչակել բոլոր անոնց, որոնք մօտէն կամ հեռուէն առնչութիւն ունէին այդ ոճիրին հետ. ասոր վրայ կ՛աւելնայ այլ նպատակ մը` բարելաւել «Ժազիրա»-ի դիմագիծը Պաղեստինի մէջ, ուր վերջին տարիներուն շատեր ատեցին զայն եւ կորսնցուցին անոր նկատմամբ վստահութիւնը: Տրուած ըլլալով, որ «Ժազիրա» Քաթարի մէջ է, ուրեմն այդ ժապաւէնը «մէյտ ին Հոլիվուտ» ըլլալու է. ասիկա կը հաստատուի Քարատաուիի շնորհած օրհնութեամբ:
Մահմուտ համոզուած է, որ քաթարեան «Ժազիրա» կայանը իր այսպէս կոչուած վաւերագրական ժապաւէնին միջոցով ճիգ ըրաւ վանելու Արաֆաթը թունաւորելու Իսրայէլի ուղղուած ամբաստանութիւնը եւ գնդակը պաղեստինեան դաշտ նետելով` կը փորձէ բռնկեցնել ներպաղեստինեան տարակարծութիւնները, ամերիկեան օրհնութեամբ փոխելու համար պաղեստինեան ղեկավարութիւնը:
Ռա՛էտ կ՛ըսէ, որ այդ հետաքննութիւնը «չարամիտ» է, որովհետեւ անոր աւարտին կը պահանջուի, որ համաձայնութիւն տրուի Արաֆաթի դիազննութիւն կատարելու: «Եթէ Սուհա Արաֆաթ մերժէ, ան պիտի ամբաստանուի. եթէ ան ընդունի, իսկ պաղեստինեան ղեկավարութիւնը մերժէ, ղեկավարութիւնը պիտի ամբաստանուի. իմ կարծիքովս, ժողովո՛ւրդն է, որ պէտք է ո՛չ ըսէ», կը բացատրէ ան:
Հուսամ մօտաւորապէս նոյն տեսակէտը կը յայտնէ, նկատել տալով, որ` «թէեւ հանգուցեալ նախագահ Արաֆաթի մահուան պատճառը իմանալը իւրաքանչիւր պաղեստինցիի իրաւունքն է, եւ այդ պահանջը ներկայացուցած է «Եասէր Արաֆաթ» հիմնարկի նախագահ Նասեր Քուտուա, ապա պէտք չէ մոռնալ, որ այս հարցը նոր ցոյցեր կատարելու լաւ դրդապատճառ է, եւ հասկցողին բարեւներ»:
(Պաղեստինցի երիտասարդը կ՛ակնարկէ իշխանութիւններուն դէմ արաբ ժողովուրդները դրդող նիւթեր արծարծելու եւ զանոնք ոտքի հանելու «Ժազիրա»-ի վերջին տարիներու քաղաքականութեան. «Ա.»):
Իհապ նկատել կու տայ, որ «Ժազիրա»-ի կողմէ Արաֆաթի մահուան շուրջ հետաքննական լրատուութեան պատկերասփռումէն անմիջապէս ետք հանրային կարծիքը մղուեցաւ, առաջնորդուեցաւ դէպի յստակ ուղղութիւն` օգտագործելով քարոզչական եւ «ֆէյսպուք»-եան ոճեր, որպէսզի մեր (պաղեստինցի. «Ա.») քաղաքացիները դնեն մեծագոյն եւ պաղեստինեան իշխանութեան համար ամէնէն խնդրայարոյց հարցը` նահատակ Ապու Ամմարի դիակը իր հանգստավայրէն հանելու եւ նոր դիազննութիւն կատարելու, ստուգելու համար, թէ փոլոնիոմի հետքեր կա՞ն:
Ան կ՛աւելցնէ. «Անշուշտ «Ժազիրա» կը մաղթէ, որ այս հարցը կը վերածուի պաղեստինեան հանրային կարծիքի գլխաւոր հարցի, որուն միջոցով ճնշում կը բանեցուի պաղեստինեան ղեկավարութեան վրայ, որովհետեւ եթէ այդ ղեկավարութիւնը մերժէ, ապա պիտի հաստատէ «Ժազիրա»-ի կողմէ պաղեստինցի եւ արաբ ակնդիրի ենթագիտակից ուղեղին մէջ տողատակի հաղորդած այն տպաւորութեան, թէ պաղեստինեան ղեկավարութիւնն է, որ մատ ունէր Արաֆաթի սպանութեան մէջ»:
Նատեր Տաքրաթ այլ վերլուծում մը կը հրամցնէ. ան կ՛ըսէ. «Օսլոյի համաձայնութենէն քսան տարի ետք Իսրայէլ որոշած է ձերբազատիլ նախագահ Մահմուտ Ապպասէն եւ ատիկա կ՛ուզէ ընել պաղեստինցի նախագահը քաղաքականապէս սպաննելով. ասոր նախապատրաստութիւնները շուրջ տարի մը առաջ սկսան, երբ հլու կամակատար «Ժազիրա»-ն սկսաւ յաջորդական զեկոյցներ հաղորդել, իսկ ասոնք իրենց գագաթնակէտին հասան հանգուցեալ նախագահ Եասէր Արաֆաթի սպանութեան շուրջ հետաքննական լրատուութեամբ. ամէն մարդ գիտէ, որ ան թունաւորումէ մեռաւ, եւ հիմա կը պահանջուի դիազննութիւն կատարել եւ ստուգել մահուան պատճառը, մինչ պատճառը յայտնի է եւ պահանջուածը յանցագործը ճշդել է: Նոյն օրերուն էր, որ իսրայէլեան բանակը օրական քանի մը պաղեստինցի կը սպաննէր, ապա յայտարարուեցաւ, որ Մոֆազ պաղեստինեան շրջաններ պիտի այցելէ. այս բոլորին նպատակը մէկ է. դաւն այն է, որ այս ձեւերով պաղեստինեան կիրքեր պիտի հրահրեն ու զանոնք մղեն իջնելու փողոց, որպէսզի ըսուի, թէ պաղեստինցի ժողովուրդն է, որ ոտքի ելած է իր ղեկավարութեան դէմ, եւ Իսրայէլ կամ Միացեալ Նահանգներ կապ չունին: Կարծէք` «Ժազիրա» կը փորձէ «պաղեստինեան գարուն» մը ստեղծել, որուն աւարտին նախագահ Ապպաս պիտի ստիպուի յայտարարել պաղեստինեան իշխանութեան ինքնալուծարումը. միջազգային ընտանիքը պաղեստինեան կողմը պիտի ամբաստանէ Օսլոյի համաձայնագիրը դրժելու յանցանքով. այդ պահուն, իսրայէլեան կողմը պիտի ներկայացնէ իր այլընտրանքը` անձնաւորութիւն մը, որ ընդունած է առժամեայ սահմանները եւ մերժած է Այսրյորդանանի իշխել, այնքան ատեն որ Արաֆաթի շիրիմը Ռամալլայի մէջ է»:
(Ակնարկութիւն կ՛երթայ Յորդանանի, որուն Իսրայէլի կողմէ առաջարկուած է իշխել Այսրյորդանանի վրայ):
Տաքրաթ նաեւ կ՛ըսէ, որ քաթարցիները «Տիկին Սուհա Արաֆաթը մղեցին մասնակցելու այս թղթածրարի վերաբացման. անոր միակ հոգը իր ամուսնին մահուան պատճառը իմանալն է, ան չի գիտեր, որ դիակը Ռամալլայէն ու Այսրյորդանանէն դուրս բերելը, նաեւ Քարատաուիի` նման արարք թոյլատրելու ֆաթուան պարզապէս միջոց մըն են ձերբազատելու նոյնիսկ հանգուցեալ նախագահի ոսկորներէն` առ ի պատրաստութիւն յաջորդ հանգրուանին»:


