Քննութիւն` Արաֆաթի «Նահատակութեան» Շուրջ. Մահմուտ Ապպաս Թոյլատրած Է Եասէր Արաֆաթի Դիազննութիւնը
Եասէր Արաֆաթի մահուան պատճառները պարզելու նպատակով պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս թոյլատրած է անոր դիազննութիւնը:
«Ժազիրա» կայանին կողմէ վաւերագրական ժապաւէնի մը ցուցադրութենէն ետք հարցականներ ծագած էին Արաֆաթի մահուան պատճառներուն վերաբերեալ:
Պաղեստինեան իշխանութիւնները պահանջած են Արաֆաթի «նահատակութեան» շուրջ հաւաստի միջազգային յանձնախումբի մը կազմութիւնը, դիտել տալով, թէ ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, թէ նախկին առաջնորդին անձնական իրերուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր արեան, մէզին եւ քրտինքին մէջ յայտնաբերուած է փոլոնիում-210 շողարձակ նիւթը:
Իսրայէլեան քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւրներ կը մերժեն Եասէր Արաֆաթի սպանութեան պատասխանատու ըլլալու Իսրայէլին ուղղուած ամբաստանութիւնները: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը յայտնեց, որ Արաֆաթի մահուան պատճառը նշուած է անոր այրիին` Սուհայի մօտ գտնուող բժշկական թղթածրարին մէջ: Ան նշեց, որ Արաֆաթ անմարդաբնակ կղզիի մը մէջ չմահացաւ, այլ` Ֆրանսայի մէջ գտնուող հանրածանօթ հիւանդանոցի մը մէջ, ուր անոր դարմանումին կը հսկէր ֆրանսական բժշկական մեծաթիւ անձնակազմ մը, իսկ այդ անձնակազմին անդամները քաջածանօթ են անոր մահուան պատճառներուն:
Բանբերը նշեց, որ կարելի չէ հիմնուիլ «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին սփռած վաւերագրական ժապաւէնին վրայ:
Միւս կողմէ, ռուսական «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը նշէ, որ Արաֆաթի դիակի գերեզմանէն դուրս բերումն ու դիազննութիւնը պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի եւ անոր ղեկավարած «Ֆաթհ» շարժումին կրնայ ծանր հարուած պատճառել:

