ԱՊԻՃԱՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԳԱՂՈՒԹԻՆ ՄԱՏԱԿԱՐԱՐՄԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ ՀԱՍԱՆ ԻՐԵՆՑ ԱՒԱՐՏԻՆ

Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ գտնուող լիբանանեան գաղութին օժանդակելու եւ զանոնք Լիբանան փոխադրելու նպատակով Ապիճան ուղղուած լիբանանեան պատուիրակութեան պատասխանատու Ֆատի Ֆաուազ յայտնեց, որ իր նախագահած յանձնախումբը կրցած է կազմակերպել Ապիճանի եւ Աքրայի օդակայաններուն մէջ գտնուող բոլոր լիբանանցիներուն Պէյրութ փոխադրութիւնը:

Այս ծիրին մէջ Ֆաուազ նշեց, որ «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան երկու օդանաւեր արդէն իսկ Լիբանան փոխադրած են 488 լիբանանցիներ, ինչպէս նաեւ նոյն ընկերութիւնը վարձած է թունուզեան օդանաւ մը` Պէյրութ փոխադրելու համար 263 այլ լիբանանցիներ:

Ֆաուազ յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթ օր պիտի մնայ Ապիճանի մէջ` գլխաւորութեամբ զօր. Ֆաուզի Շամունի:

Պատուիրակութիւնը պիտի փորձէ ապահովել լիբանանցիներուն Պէյրութ փոխադրութիւնը, եթէ նման պահանջներ արձանագրուին:

Ֆաուազ դիտել տուաւ, որ լիբանանցիներուն Պէյրութ փոխադրութեան մանրամասնութիւններուն հսկեց գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի` լիբանանեան պատուիրակութեան եւ դեսպան Տընի Փիեթոնի միջոցով Ֆրանսայի իշխանութիւններուն հետ կապ պահելով:

Նշենք, որ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութիւնը օրական երկու թռիչքներ պիտի տրամադրէ դէպի Ապիճան` լիբանանեան գաղութի զաւակները  վերադարձնել կարենալու համար Լիբանան:

 

Share this Article
CATEGORIES