ԼԻԲԱՆԱՆ-ՖԻՒՆԻՒԼ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԺՈՂՈՎ

Հարաւային Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Նիրաժ Սինկ յայտնեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի հրամանատար զօր. Ալպերթօ Ասարթա երէկ Նաքուրայի մէջ նախագահած է լիբանանեան բանակին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ իսրայէլեան ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած եռակողմանի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուած են Ղաժար գիւղաքաղաքի հիւսիսային բաժինէն իսրայէլեան ուժերուն հեռացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ ծովային սահմաններու ապահովութեան անհրաժեշտութիւնը:

Լիբանանեան եւ իսրայէլեան կողմերը յանձնառութիւն յայտնեցին սահմանները ապահով պահելու առումով, ինչպէս նաեւ շեշտուեցաւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան  կառչած մնալու յանձնառութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES