ՀԱՐԻՐԻ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԵԼՈՒ ԱՆՑԵԱԼԷՆ

Գործավար վարչապետ Սաատ Հարիրի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկզբնաւորութեան 36-ամեակին առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ այս օրը լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ կ՛արթնցնէ ցաւալի յիշատակներ, որոնք կը նկատուին ժողովուրդի մը դժուարագոյն փորձառութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց ազգային կեանքին մէջ բաժանումի հանգրուանները:

Հարիրի հաստատեց, որ քաղաքացիական պատերազմի այս յիշատակները ցոյց կու տան, թէ ի՛նչ ահաւոր բաներ պատահած են ամբողջ երեսուն տարուան ընթացքին:

Հարիրի շեշտեց, որ այդ փորձառութենէն քաղուելիք լաւագոյն դասը պիտի ըլլայ այն, որ ան պէտք է մնայ անցեալին մաս կազմող յուշ մը, որ երբեք պէտք չէ կրկնել` պահպանելու համար լիբանանցիները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային գերիշխանութիւնն ու լիբանանեան պետութեան իշխանութեան բանեցումը` ամբողջ երկրի տարածքին:

Այս առիթով ան կոչ ուղղեց նաեւ վերջ տալու միջլիբանանեան երկխօսութեան պարագային իսկ օգտագործելու զէնքը եւ որեւէ հարցի պարագային դադրեցնելու զէնքի միջոցին դիմելու փորձերը:

Միւս կողմէ, Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ երէկ կէսօրին ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Փանոս Քալոկերոփուլոսը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-յունական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

 

Share this Article
CATEGORIES