Ճատրակ. Ֆիտէ-ի Աղջկանց Կրան Փրիի Մրցաշարք. Դանիէլեան Եւ Մկրտչեան Հաւասարութեամբ Բաժնուեցան Իրարմէ
Երէկ Ջերմուկի մէջ (Հայաստան) սկսաւ ՖԻՏԷ-ի աղջկանց ճատրակի կրան փրիի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Հայրենի երկու վարպետներ Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան, որոնք կը մրցէին իրարու դէմ, հաւասարութեամբ բաժնուեցան իրարմէ:
2-րդ հանգրուանի մրցումներուն, այսօր Դանիէլեան մրցակիցն է Ժու Ուենժուն, որ երէկ յաղթեց Նինօ Խուրթիծէի: Իսկ Մկրտչեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Եիֆան Եու, որ երէկ հաւասարութեամբ բաժնուեցաւ Պաթքույակ Մունկունթուլէն:
Նախանցեալ օր տեղի ունեցած բացման հանդիսութեան ընթացքին, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ միեւնոյն ժամանակ ալ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահն է, իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց ՖԻՏԷ-ին` լաւ համագործակցութեան համար, եւ ողջունեց բոլոր մասնակցողները:
«Այսպիսի մեծ մրցաշարքերը պատիւ կը բերեն հիւրընկալ երկրին: Յոյսով եմ, որ Ջերմուկի այս կրան փրին կը դառնայ տօն թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ աշխարհի ճատրակ խաղացողներուն համար: Բարի վայելում եւ յաջողութիւն կը մաղթեմ բոլորին», ըսաւ նախագահ Սարգսեան:
Նշենք, որ Հայաստան երկրորդ անգամ ըլլալով կը հիւրընկալէ ՖԻՏԷ-ի աղջկանց կրան փրիի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եօթը երկիրներէ 12 մասնակցողներ: Այդ 12-ին կարգին են Էլինա Դանիէլեան եւ Լիլիթ Մկրտչեան:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էր նաեւ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինով:

