«Չեմփիընզ Լիկ». Զտումի Մրցաշարք. Ուլիս Պարտուեցաւ Նուազագոյն Հաշիւով
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Ուլիս Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ֆ. Ք. Շերիֆը (Մոլտաւիա):
Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով, սակայն հայկական կազմը գտնուեցաւ անբախտ, երբ Շոթա Չիքիայի ուժգին հարուածը զսպուեցաւ Շերիֆի բերդապահին սիւնին կողմէ:
Բ. կիսախաղի 60-րդ վայրկեանին Սերկէյ Գէորգիեւի նշանակած կոլը պատճառ դարձաւ, որ հիւր կազմը 1-0 արդիւնքով յառաջանայ եւ այդպէս ալ աւարտէ մրցումը` մեծապէս օգտուելով օտար դաշտի վրայ յաղթանակ արձանագրելու կարելիութենէն: Անիկա այժմ դարձին շատ աւելի հանդարտ մրցում մը պիտի կատարէ, քան Ուլիս, որ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնէ ինքզինք դժուարութիւններու դէմ յանդիման չգտնելու եւ փորձելու անպայման յաղթանակ արձանագրել, որպէսզի մրցաշարքէն դուրս չմնայ:
Նշենք, որ մրցումին իրաւարարն էր հունգարացի Թամաշ Պոքնար:

