ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Դեսպան Փիեթոն եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ Վերտանի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանանի տնտեսութիւնը կը դիմագրաւէ լուրջ հարցեր եւ կ՛ենթարկուի ծանր ճնշումներու, ինչ որ կ՛ենթադրէ արագացնել Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

Ֆրանսայի դեսպանը շեշտեց, որ ինք Միքաթիի հետ քննարկած է նաեւ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հարցը` մաղթելով, որ մօտիկ ապագային կարելի ըլլայ գործնական քայլերու վերածել Միքաթիի ջանքերը` ներդաշնակ եւ արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող կառավարական կազմ մը յառաջացնելու համար:

Միւս կողմէ, Միքաթի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին սկզբնաւորութեան 36-ամեակին առիթով կոչ ուղղեց քաղաքական ղեկավարութիւններուն` զիջելու ի խնդիր Լիբանանի շահերուն, որովհետեւ արդէն ժամանակը հասած է նման զիջումներ կատարելու:

Միքաթի շեշտեց, որ այդ պատերազմին յիշատակները պէտք է ուսանելի ըլլան լիբանանցիներուն համար, որպէսզի անոնք կարենան շրջանցել իրենց դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ ազգային պատասխանատուութեան ոգիով գործեն` ամրապնդելու համար Լիբանանը եւ փոխըմբռնումի ու երկխօսութեան կարելիութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES