ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԾՆՈՒՆԴԸ ԱՆՁՐԵՒԱԲԵՐ ԱՂՕԹՔԻ ԿԱՐԻՔԸ ՈՒՆԻ

Պըրրի եւ խորհրդարանական հանդիպումին ներկայ գտնուած երեսփոխաններ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանին մէջ կայացուց չորեքշաբթի օրուան խորհրդարանական հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան 22 երեսփոխաններ, որոնց շարքին նաեւ` Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Այս ծիրին մէջ, Պըրրիի այցելող երեսփոխանները հանդիպումէն ունեցած իրենց տպաւորութիւններուն մէջ յայտնեցին, որ Լիբանանի կառավարութեան ծնունդը կարիքը ունի անձրեւաբեր աղօթքի:

Պըրրիի այցելող երեսփոխանները շեշտեցին, որ իրենք ալ իրենց կարգին օժանդակեցին Պըրրիի այդ աղօթքին, որպէսզի կառավարութեան կազմութիւնը կարելի ըլլայ:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի նկատել տուաւ, որ քննարկուած է նաեւ հարաւային Լիբանանի կարգ մը շրջաններուն մէջ պետական կալուածներուն վրայ բնակութեան համալիրներ կառուցելու հարցը:

Պըրրի շեշտեց, որ այս հարցը շատ զգայուն է ու վտանգաւոր` աւելցնելով, որ Հըզպալլա եւ Ամալ շարժումը կը գործակցին լուծելու համար այս հարցը` հիմնուելով օրէնքներուն եւ կանոններուն վրայ:

 

Share this Article
CATEGORIES