«Հայաստանի Եւ Իրանի Սահմանները Բարեկամութեան Եւ Խաղաղութեան Սահմաններ Են» Կ՛ըսէ Մոհամետ Ճաւատ Մոհամետիզատէ

17 յուլիսին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Իրանի փոխնախագահ, Բնապահպանական կազմակերպութեան նախագահ Մոհամետ Ճաւատ Մոհամետիզատէ հաստատած է, որ  Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ առկայ սահմանները բարեկամութեան եւ խաղաղութեան սահմաններ են: Ան ուրախութիւն յայտնած է Հայաստան գտնուելուն համար, որովհետեւ անիկա շրջանին մէջ կը նկատուի քաղաքակրթութեան, արուեստի, մշակոյթի եւ պատմութեան բնօրրաններէն մէկը:

«Հայաստանի անցեալը մեծ հարստութիւն է բոլորին համար, եւ մենք հայերը կը ճանչնանք իբրեւ խելացի եւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան նպաստ բերող ժողովուրդ», ըսած է ան: Մոհամետիզատէ շեշտած է նաեւ, որ Հայաստանի եւ Իրանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնները կը ցուցաբերեն համագործակցութեան քաղաքական կամք: Փոխնախագահը ուրախութեամբ հաւաստիացուցած է, որ երկկողմ համագործակցութիւն կը տարուի բազմաթիւ մարզերու մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES