Սփիւռքահայ Լրագրողներու Վերապատրաստութեան Դասընթացք. Սամուէլ Մարտիրոսեան Խօսեցաւ Թուրք-Ազրպէյճանական Ապատեղեկատուութեան Դէմ Դնելու Ձեւերուն Մասին
Երէկ` չորեքշաբթի, 18 յուլիսին, սփիւռքահայ լրագրողներու վերապատրաստման դասընթացքի շրջագիծին մէջ, badu.am կայքէջի ղեկավար, պլոկըր, նոր մետիայի եւ տեղեկատուական անվտանգութեան գծով փորձագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան ներկայացուց ցանցերու պաշտպանութեան վերաբերեալ դասախօսութիւն մը, թէ ինչպէ՛ս պէտք է պաշտպանուիլ ազրպէյճանցի եւ թուրք համակարգչահէններու դէմ:
Ան նաեւ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ապատեղեկատուութիւն կը տարածեն: Ան իբրեւ օրինակներ տուաւ Մարաղայի ջարդը եւ Խոջալուի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:
Ճաշի դադարէն ետք սփիւռքահայ լրագրողները մասնակցեցան «Երգ երգոց» հաղորդաշարի նկարահանման:
CATEGORIES Գաղութային


