Պան Քի Մուն Ամբողջական Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Միքաթիի
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու առումով անոր ի գործ դրած ջանքերուն համար, յատկապէս նկատի ունենալով Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումները:
Քի Մուն դրուատեց Միքաթիի նախաձեռնութիւնը` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու առումով: Ան աւելցուց, որ այդ նախաձեռնութիւնը ցոյց կու տայ, որ Պէյրութ յանձնառու է միջազգային իր պատասխանատուութիւններուն:
Սուրիա-Լիբանան սահմանային իրադարձութիւններուն մասին Քի Մուն նշեց, որ սուրիական իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան Լիբանանը ռմբակոծելու իրենց քայլերուն եւ պէտք է արգիլեն երկու երկիրներուն միջեւ արձանագրուող բախումները:
CATEGORIES Լիբանանեան

