Պըրրի Կը Շեշտէ Քաղաքական Համայնքային Դրութիւնը Ջնջելու Անհրաժեշտութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Արտերկրի լիբանանցի երիտասարդներու 11-րդ բանակումին մասնակցող խումբը, որուն ներկայութեան շեշտեց Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական համայնքայնութիւնը ջնջելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ պահանջը դարձած է արաբական պահանջ եւ ոչ լիբանանեան:
Միւս կողմէ, երեսփոխաններուն հետ ունեցած չորեքշաբթի օրուան իր հանդիպումին շրջագիծին մէջ, Պըրրի քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող զարգացումները:
Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահէն, որ զայն շնորհաւորեց ռամատան ամսուան սկզբնաւորման առիթով:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Պըրրի եւ Ժահժահ քննարկեցին լիբանանեան իրադարձութիւնները:
«Նահար» օրաթերթին համաձայն, ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ եւ անոր հետ քննարկած Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն թղթածրարը լուծելու լաւագոյն միջոցները: Շարպել խնդրած է Պըրրիէն, որ վերջինս միջամտէ եւ համոզէ սարակները, որպէսզի անոնք վերցնեն լարուած վրանը եւ արդար լուծում մը գտնուի անոնց հարցին:


